Ֆրանսան 17 յուլիսին, պաշտօնապէս յանձնած է Սենեկալ գտնուող իր վերջին ռազմակայանները՝ վերջ դնելով այդ երկրին մէջ 65-ամեայ ներկայութեան։
Սենեկալ Արեւմտեան Ափրիկէի վերջին երկիրն էր, ուր Ֆրանսան կը պահպանէր տեւական ռազմական ներկայութիւն։
Արեւմտեան Ափրիկէի երկրին մէջ ամենամեծ ֆրանսական ռազմակայանը՝ «Քեմփ Կէյլ»-ը, եւ Տաքարի օդակայանը գտնուող անոր կայանը վերադարձուեցան արարողութեան մը ժամանակ մասնակցութեամբ՝ Ֆրանսայի եւ Սենեկալի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որուն հետեւանքով ֆրանսական բանակը մնաց առանց Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Ափրիկէին մէջ մշտական ռազմակայանի։