20 եւ 21 Օգոստոսին բռնագրաւուած Քաշաթաղի մէջ ականի պայթումէն՝ երկու ատրպէյճանցի զինուորականներ մահացած են: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով Շրջանային զինուորական դատախազութիւնը:
Ըստ Շրջանային զինուորական դատախազութեան մահացած զինուորներն են՝ Վուկար Սուլէյմանով եւ Հէյտար Կիւլմալիեւ: