image

Քաղաքական գործիչ Խաչատուր Քոքոպէլեանի հօր անհետացման խնդրով՝ քրէական գործ

Քաղաքական գործիչ Խաչատուր Քոքոպէլեանի հօր անհետացման խնդրով՝ քրէական գործ

Քննչական կոմիտէն Տաւուշի մարզային քննչական վարչութեան տարածքային բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ԱԺ նախկին պատգամաւոր Խաչատուր Քոքոպէլեանի հօր անհետացման դէպքով։ Այս մասին կը տեղեկանանք Քննչական կոմիտէէն։

Վարոյթը նախաձեռնուած է ՀՀ ՔՕ 155-րդ յօդուածի յատկանիշներով (մէկ ուրիշը ապօրինաբար կեանքէն զրկելու):

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ այս պահուն կ'ընթանայ նախաքննութիւն։

Աւելի վաղ shamshyan.com-ը հրապարակած էր, որ Աչաջուր գիւղի բնակիչ 83-ամեայ Գրիշա Քոքոպէլեանը, դուրս եկած է տունէն եւ չէ վերադարձած։ Երէկ մինչեւ մթնելը որոնողական աշխատանքները արդիւնք չեն տուած։ Եւ ժամը 21։00-ին մթութեան եւ բարդ պայմաններու պատճառով որոնողական աշխատանքները դադարեցուած են։ 28 Յուլիսին, վաղ առաւօտվանէն աշխատանքները վերսկսած են: