image

Պոլիս. Օրերս քահանայական ձեռնադրութեան արժանացած Տ. Նարեկ եւ Տ. Ոսկի մատուցեցին իրենց անդրանիկ Պատարագը

     Պոլիս. Օրերս քահանայական ձեռնադրութեան արժանացած Տ. Նարեկ եւ Տ. Ոսկի մատուցեցին իրենց անդրանիկ Պատարագը

Օրերս Պոլսոյ մէջ ձեռամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանի դարձած Տ. Նարեկ եւ Տ. Ոսկի քահանայ հայրերը մատուցեցին իրենց անդրանիկ Սուրբ  Պատարագը։

 Եղելութեան մասին իմացանք Պոլսոյ մասին լուրեր հաղորդող հարթակներէ։

Ստորեւ լրատւութիւնը 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Դեկտեմբեր 2025, Շաբաթ առաւօտ, Էյիւպի Իսլամպէյ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու տօնախմբութեան։ Այս առթիւ, բոլորելով իր քառասունքի շրջանը, անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան։ Առընթերակայ էր Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերն ու քահանայից դասը, Հայ Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. Դ.7, 16) բնաբանով։ Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրեց թէ այս նախադասութեամբ Աւետարանը կը բնութագրէ զԱստուած։ Աստուած իր սէրն է որ կը փոխանցէ մեզի՝ մարդկութեան։ Սէրը ձգողականութիւն ունի եւ Աստուծոյ ստորագրութիւնն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա մանրամասնօրէն խօսեցաւ Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներու ու անոնց կատարած գործին մասին։ Ամենավառվռուն առաքեալ Պետրոսն իսկ գայթակղեցաւ, սակայն ապաշխարեց։

Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց, որ երբ Պետրոս ըսաւ Յիսուսին թէ կը սիրէ զԱյն, Տէրը պատասխանեց. Արածէ ոչխարներս։ Սէրը թարմ պէտք է պահել։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ օրուան պատարագիչ Նարեկ Քահանային, շնորհաւորեց զայն ու բարի երթ մաղթեց քահանայական առաքելութեան մէջ։ Խրատեց ըլլալ մխիթարիչն ու ծառայողը ժողովուրդին՝ Աստուծոյ համար։ Սէրն է, որ մեզ կը մղէ ծառայելու։ Եթէ լաւ ծառայես, ժողովուրդն ալ կը վարձատրէ քեզ։

Քարոզի աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տ. Նարեկ Քահանան, յաջողութիւն մաղթեց իրեն եւ քարոզը աւարտեց առաքելական մաղթանքով՝ ըլլալ մշակ առանց ամօթոյ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Պատարագիչ Տէր Հօր ձեռնադրութեան ու քառասունքի շրջանին ներդրում ունեցողներու ընտանիքներուն համար հոգեհանգստեան կարգ։

Ապա, նկատի ունենալով, որ Էյիւպի Եկեղեցւոյ այս տարւոյն վերջին Ս. Պատարագն է, կատարուեցաւ նռնօրհնէք։ Հուսկ՝ Տէր Հայրը «Փարատեա» աղօթքը կարդաց հաւատացեալներու վրայ։ Ապա ըստ աւանդութեան եկեղեցւոյ մկրտարան մատրան մէջ երէցկնոջ վրայ Աւետարան կարդաց (Մատթէոս, 10.37-42) եւ պահպանիչ աղօթքով օրհնեց զայն։

Կրօնական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որու ընթացքին իր շնորհակալութեան խօսքը արտասանեց Արժ. Տ. Նարեկ Քահանայ Իսկ Պատրիարք Հայրը ձեռաց խաչ նուիրեց իրեն։

 

 

Որդւոց Որոտման տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, համանուն տաճարին մէջ, յիշեալ տօնին օրը իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց նորաօծ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան։ Ներկայ տարեմուտին պոլսահայ հոգեւորականց դասու երիտասարդ եւ համակրելի դէմքով մը համալրուած ըլլալը հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր ուրախութիւն եւ բաւարարութիւն պատճառեց։

Ս. Պատարագին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Միեւնոյն ժամանակ հոգեւոր հայրերը կատարեցին օրուան երգեցողութիւնները։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ այլ սարկաւագներ եւ դպիրներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերը եւ ներկայ ուխտաւորները, որոնք տարեմուտի առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ մանաւանդ՝ նորաօծ Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեանը ջերմօրէն շրջապատեցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս իր ծառայութեան առաջին քայլափոխին։ Բոլորը մաղթեցին, որ տէր հայրը ըլլայ առանց ամօթի մշակ մը եւ երկար տարիներ կարողանայ Աստուծոյ կամքով ծառայութիւն բերել մեր եկեղեցւոյ համար։ Անկեղծ զգացումներու այս մթնոլորտին մէջ Ամեն. Ս. Պատիրարք Հայրն ալ ձեռաց խաչ մը նուիրեց Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեանին։