image

Արցախ Խօշեանին նոր աստիճան. Մուսալեռցի արմատներով մեր հայրենակիցը ստացած է Մայորի աստիճան

   Արցախ Խօշեանին նոր աստիճան. Մուսալեռցի արմատներով մեր հայրենակիցը  ստացած է   Մայորի աստիճան

Բնիկ Մուսալեռցի եւ Այնճարի ծնունդ Արցախ Խօշեան օրերս աստիճանի բարձրացում ունեցած է ու դարձած Մայոր։

 

 Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Լիբանանի պետական կառոյցներուն մէջ ծառայող լիբանանահայերու յաջողութիւնները միշտ ալ հպարտութիւն են համայնքին համար։ Անոնք իրենց նուիրումով եւ պատասխանատու ծառայութեամբ կը բարձրացնեն ոչ միայն անձնական, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան անունը։ Այդպիսի օրինակ մըն է Արցախ Խոշեանը, որ նոր պաշտօնական առաջխաղացում արձանագրած է։

 

Արցախ Խօշեանը աստիճանի բարձրացում ստացած է

«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով, Լիբանանի բանակի Պետական Ապահովութեան Ծառայութեան բաժնին մէջ կարեւոր պաշտօն ստանձնած լիբանանահայ, ծնունդով Այնճարցի Արցախ Խոշեանը, Յունուար 1-ին աստիճանի բարձրացում ստացած է եւ դարձած է Մայոր (Major)։

 

 Նորանոր նուաճումներ եւ յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։