Հակառակ իրավիճակին Պէյրութի օդակայանը կը շարունակէ գործել։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Այս առումով եւ ըստ «Էմ. Թի. Վի.» կայանին Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան Միջազգային օդակայանը ապահով է եւ կը գործէ բնականոն հունով մը։
Կը նշուի նաեւ , որ օդակայանի անապահովութեան մասին տարածուած բոլոր լուրերը ստապատիր են։