image
Հրատապ լուրեր:

Պուրսայի մէջ. Քաղաքացիական օդանաւը ինկած է բնակարաններու վրայ.Կան զոհեր (Տեսանիւթ)

 Պուրսայի մէջ. Քաղաքացիական օդանաւը ինկած է բնակարաններու վրայ.Կան զոհեր (Տեսանիւթ)

Թուրքիոյ մէջ Պուրսա քաղաքի Օսմանկազի թաղամասի տուներուն վրայ ինկած է օդանաւ։ Օդանաւը կnրծանուելէն յետոյ հրդեհ բռնկած է եւ մահացած են երկու օդաչուներ։ Այրած է նաեւ արկածին վայրը գտնուող 8 ինքնաշարժ։ Բնակիչներուն, զnհերուն եւ վիրաւnրներուն մասին դեռ տեղեկութիւն չկայ։ 

Նշուած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է կեդրոնական Օսմանկազի թաղամասին մէջ, Եունուսելի օդակայանի մերձակայքը:

Օդանաւը ինկած է տուներու արանքը ու հրդեհ բռնկած։ Փողոցը գտնուող 5 ինքնաշարժերն ալ սկսած են այրիլ։ Հրդեհի պատճառով  լսուած  են պայթումներ: Ամբողջ թաղամասը խnւճապի մատնուած է, շատեր տարհանուած են։  Դէպքի վայր  ուղարկուած են բազմաթիւ հրշէջներ, ոստիկանութեան եւ շտապ  օգնութեան  խումբեր։

Նշուած է նաեւ, որ միջադէպի վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած են նահանգապետ՝ Եաքուպ Ջանպոլաթ եւ Մեթրոփոլիթենի քաղաքապետ՝ Ալինուր Աքթաշ։

«Նախնական տեղեկութիւններով վնաuուած են 4 տուն եւ քանի մը փոխադրամիջոցներ: 2 օդաչուները մահացած են: Կը կարծենք, որ թեքնիկական պատճառներով եղած է արկածը։ Օդանաւը քաղաքացիական փոքր օդանաւ է»,- ըսած է նահանգապետ՝ Եաքուպ Ջանպոլաթ:

Լուրը՝ SLIM news-էն