Ռուբէն Ռուբինեանը ընտրուած է ԱԺ նախագահի թեկնածու: Այս մասին յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Լրագրողներու հետ զրոյցին Ռուբինեանը նշած է, որ շոյուած է արդիւնքէն եւ վստահութիւնն իր համար պարտաւորեցնող է։ Ան աւելցուցած է, որ փոխխօսնակներու մասով յաջորդիւ որոշում պիտի կայացուի եւ նոյն ընթացակարգով պիտի ընտրուին։