image

Պորել կ'ողջունէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառուցողական քայլերը

Պորել կ'ողջունէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառուցողական քայլերը

Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել յյայտնած է, որ տարածաշրջանային լարուածութիւնը եւ «Ռուսաստանի ապակայունացնող քայլեր»ը առանցքային տեղ գրաւած են Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցած է անցեալ Չորեքշաբթի՝ Եւրոպայի խորհուրդի նիստէն անմիջապէս առաջ:

«Մենք հանդիպած ենք Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ... ԵՄ-ն առաջարկած է 2,3 միլիառ եւրօ ծաւալով տարածաշրջանային տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիր, որ պիտի օգնէ ներգրաւելու մինչեւ 17 միլիառ եւրոյի ներդրումներ:

Սովորական դիւանագիտական ձեւականութիւններէն աւելի բաց քննարկումը հաստատեց, որ մեր արեւելեան գործընկերները անկեղծօրէն կը ձգտին ԵՄ-ի հետ աւելի սերտ համագործակցութեան եւ համալրման, եւ ԵՄ-ն պատրաստ է որոշակի կերպ արձագանգելու՝ եւս մէկ անգամ վերահաստատելով իր դերը որպէս տարածաշրջանին մէջ կարեւոր աշխարհաքաղաքական դերակատար:

Ապշեցուցիչ է, որ Հայաստանի վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը, որոնց երկիրները թշնամի են Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով, բացայայտ առճակատման փոխարէն առաջին անգամ կառուցողական մեկնաբանութիւններ փոխանակած են Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին։ Այդ հնարաւոր դարձաւ նախագահ Միշէլի հովանիին ներքոյ իրականացուած միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ: Ան նախորդ գիշեր լարուած եւ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած է երկու առաջնորդներուն հետ: 

Ես կ'ողջունեմ այս հանդիպման արդիւնքները եւ կողմերուն պատրաստակամութիւնը՝ ներգրաւուելու նախագիծերու մէջ եւ աջակցելու գաղափարներուն, որոնք ճանապարհ կը հարթեն հաշտեցման համար։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուած է ԵՄ-ի յանձնառութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութեան՝ հակամարտութիւններու յաղթահարման, վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ աշխուժօրէն մասնակցելու Անդրկովկասի մէջ հակամարտութիւններու կարգաւորման», ըսած է Պորել։