image

Ատրպէյճանի կողմէ Սիւնիքի մարզի 2 բնակիչ առեւանգելու լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ԱԱԾ

Ատրպէյճանի կողմէ Սիւնիքի մարզի 2 բնակիչ առեւանգելու լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան. ՀՀ ԱԱԾ

Սիւնիքի մարզի բնակիչներ Կարէն Ջհանգիրեանի ու Անտրէյ Գեագունցի` ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուելու մասին տեղեկատւութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։

«Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի երկու անչափահաս բնակիչների յայնաբերուելուց յետոյ նրանց հետ ունեցած զրոյցներից պարզուել է, որ իրենց ընտանի կենդանիներին փնտռելու ընթացքում նրանք մոլորուել են եւ մառախուղի պատճառով չեն կարողացել կողմնորոշուել տեղանքում»,–ըսուած է ԱԱԾ հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք` ԱԱԾ–ն յունիս 6–ին յայտնած էր, որ Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի բնակիչներ Կարէն Արմէնի Ջհանգիրեանը (ծնած 27.06.2007թ.) եւ Անտրէյ Արմէնի Գեագունցը (ծնած 13.01.2008թ.) 2025 թուականի յունիս 6-ին՝ ժամը 01:20-ի սահմաններուն, Սիւնիքի մարզի Արավուս գիւղին յարող հատուածի տեղանքին մէջ մոլորուելու հետեւանքով յայտնուած են Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։ Աւլի ուշ Տեղ համայնքի ղեկավար Դաւիթ Ղուլունցը յայտնած է, որ տղաները գտնուած են եւ արդէն գիւղին մէջ են։