image

Պորել. Եթէ Արեւմուտքի նեցուկը դադրի Ուքրանիա կը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը

Պորել. Եթէ Արեւմուտքի նեցուկը դադրի Ուքրանիա կը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը

Արեւմուտքի կողմէ Քիեւին ռազմական աջակցութեան դադարեցման պարագային հակամարտութիւնը Ուքրանիոյ մէջ արագ պիտի աւարտի, բայց Ուքրանիան պիտի կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Reuters-ը, «Շանկրի-Լա երկխօսութիւն» անվտանգութեան հարցերով ասիական համաժողովին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։

«Մենք չենք կրնար դադրեցնել ռազմական աջակցութիւնը Ուքրանիոյ, քանի որ մենք չենք ուզեր խաղաղութիւն, որ  կը յանգեցնէ Ուքրանիոյ յանձնման», -ըսած է ան։