image

Թուրքիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ «փոխհրաձգութիւն». Նիւթը Արեւմուտքին ծառայելու մասին է

Թուրքիոյ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ  «փոխհրաձգութիւն». Նիւթը Արեւմուտքին  ծառայելու մասին է

Հեռակայ բանավէճ ծաւալած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու եւ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական ​​կուսակցութեան միջեւ։

Ժողովրդահանրապետական ​​կուսակցութեան ղեկավար Օզգիւր Օզել, 6 ապրիլին, հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփէն թոյլտւութիւն ստացած է Էքրեմ Իմամօղլուն (պաշտօնանկ եղած Իսթանպուլի քաղաքապետ - խմբ.) կալանաւորելու վերաբերեալ:

Կուսակցութեան նախագահը զգուշացուցած է, որ յաջորդ ընտրութիւններուն ո՛չ Թրամփը, ո՛չ ալ ԱՄՆ-ն պիտի փրկէ «խունտան» (այդպէս ան անուանած է Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութիւնը)։

«Կ՚ըսեմ խունտայի ղեկավար`Էրտողանին։ Ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ Թրամփը ձեզ պիտի փրկէ մեզմէ մօտակայ ընտրութիւններու ժամանակ», –ըսած է Օզելը։

Էրտողանին պաշտպանած են նախարարները։ Մասնաւորապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Օզելը օրինականութիւն կը փնտռէ քուէատուփերէն դուրս եւ կը փորձէ քաղաքականութիւն ձեւաւորել փողոցներուն մէջ։

«Օզելն է, որ շաբաթներ շարունակ յոյս ունեցած է, որ պիտի օգնեն օտար տէրութիւնները, օտարերկրեայ մայրաքաղաքներուն աղաչած է աջակցիլ՝ ըսելով. «Մենք մեզ լքուած կը զգանք»: Օզելն է, որ կը փորձէ փտածութեան մասին գործը հերոսական պատմութեան վերածել», – գրած է Ֆիտան X-ի էջին։

Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան իր հերթին յայտարարած է, որ նախագահը եւ կառավարութիւնը «խունտա» անուանելը կը նշանակէ թիրախաւորել «ժողովուրդի կամքն ու ժողովրդավարութիւնը»։

«Սա անմիջական վիրաւորանք է ազգին», –յայտարարած է Երլիքայան՝ մեղադրելով կուսակցութիւնը երկրէն դուրս աջակցութիւն գտնելու փորձերու մէջ։