image
Հրատապ լուրեր:

Իրանն ու Ռուսիան Արեւմուտքի կարիքը չունին. Փեզեշքիան

Իրանն ու Ռուսիան Արեւմուտքի կարիքը չունին. Փեզեշքիան

Մոսկուան եւ Թեհրանը համաձայն չեն, որ դուրսէն ինչ որ մէկը որոշէ մեր երկիրներու դերը: Մենք ի վիճակի ենք վարելու անկախ քաղաքականութիւն եւ պատրաստ ենք միասին զարգացնել անվտանգութիւնն ու տնտեսութիւնը տարածաշրջանին մէջ, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերել այստեղ: Մեզի պէտք չէ Արեւմուտքը»,- յայտարարած է Իրանի նախագահ  Մասուտ Փեզեշքիան։

Անոր խօսքով, Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը ցոյց տուաւ ամբողջ աշխարհին, որ երկու երկիրներն ալ «նոյն այս մօտեցումը կը դաւանեն»։

Իրանի նախագահի խօսքով, եթէ Իրանն ու Ռուսիան հետեւէին դուրսէն եկող հրահանգներուն, արդէն «բազմիցս կը փոխէին իրենց արտաքինն ու քաղաքականութիւնը»։