Օրերս Երեւանի մէջ պիտի կայացուի մասնագիտական ֆորում-համագումար մը, որուն հովանաւորութիւնը ստանցնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմը։
Լուրը «Արեւելք» ստացաւ Թեմի պաշտօնական էջին վրայ կատարուած գրառումէն։
Ստորեւ այդ գրառումը՝
Հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Ազգային Առաջնորդարանը Արցախի օժանդակութեան իր ծրագիրներու ծիրէն ներս, կազմակերպած է մասնագիտական համագումար մը Երեւանի մէջ, որուն հրաւիրուած են 16-45 տարեկան բոլոր երիտասարդները։ Համագումարը տեղի պիտի ունենայ 26 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի Էլիթ Փլազայէն ներս, առաւօտեան ժամը 10:00-16:00։
Համագումարի դասախօս մասնագէտներն են՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան (Գանատա), Դոկտ. Տանիա Օհանեան (Հայաստան), Տիկին Նորա Շիթիլեան (ԱՄՆ Արեւմտեան) եւ Պրն. Յակոբ Մաքտիս (Հայաստան)։ Իւրաքանչիւրը հանդէս պիտի գան իւրայատուկ նիւթերով։
Կը հրաւիրենք բոլոր երիտասարդները մասնակցելու Գանատայի Հայոց Թեմի, Mind Link կրթամշակութային Հասարակական Կեդրոնի եւ Project Inn_able Հասարակական Կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուած երիտասարդական առաջին ֆորումին, որուն ընթացքին պիտի խօսուի ղեկավարման, հոգեղինականութեան զարգացման, անձնական աճի, հոգեկան եւ հոգեբանական առողջութեան մասին։
Ֆորումի օրակարգ՝
10:00 - 10:45 Արձանագրութիւն
10:45 - 11:00 Ֆորումի պաշտօնական բացում
Ֆորումի համակարգող՝ Լուսինէ Համբարեան
11:00 - 11:45 Դասախօս՝ Նորա Շիթիլեան (Psychotherapist)
«Ի՞նչպէս հաւատքն ու հոգևղինականութիւնը կ՚ազդեն մեր հոգեկան առողջութեան վրայ»
11:45 - 12:30 Դասախօս՝ Դոկտ. Տանիա Օհանեան (MBA, EdD)
«Ղեկավարութիւն և հոգեղինականութիւն»
12:30 - 13:00 Դասախօս՝ Յակոբ Մակդիս (Big Mind, Mind Link NGO)
«Հաղորդակցութեան ուժը»
13:00 - 13:45 Հարց ու պատասխան
13:45 - 14:30 Ընդմիջում
14:30 - 15:15 Դասախօս՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան
«Նորոգուած մտքով նոր մարդ. վերափոխում մտքի նորոգութեամբ»
15:15-15:30 Ամփոփում և ֆորումի փակում
Մասնակցութիւնը՝ անվճար է:
Ֆորումին կրնան մասնակցիլ 16-45 տարեկան երիտասարդները։
Օր՝ 26 Յուլիս 2025։
Ժամ՝ 10:00-16։00։
Վայր՝ Էլիտ Պլազա, Երեւան։
Ֆորումին կրնան դիմել մինչև Յուլիս 22, տեղերը սահմանափակ են։
https://forms.gle/dTtS65wGJTXVLsZ89
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ