image

Գերմանիան եւ ԱՄՆ-ն Ուքրանիա պիտի ուղարկեն 2 Patriot համակարգ

Գերմանիան եւ ԱՄՆ-ն Ուքրանիա պիտի ուղարկեն 2 Patriot համակարգ

Պերլինը եւ Ուաշինկթընը կը պատրաստուին մօտաւորապէս 2 միլիառ եուրօ արժողութեամբ երկու Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարել Քիեւին։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով Reuters-ը, այս մասին յուլիս 14-ին յայտարարած է Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը՝ Փենթակոնի ղեկավար Փիթ Հեկսեթի հետ հանդիպումէն ետք։

Գերմանիան առաջարկած է գնել ամերիկեան Patriot համակարգերը, որ փոխանցէ զանոնք Ուքրանիոյ։ Փիսթորիուսը Ուաշինկթընին մէջ յայտնած է, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին աշխատանքային մակարդակով՝ վերջնական մանրամասնութիւնները որոշելու համար, ներառեալ կայանքներու եւ հրթիռներու թիւը, որոնք կրնան ընդգրկուիլ համաձայնագիրին մէջ։

Փիսթորիուսը նշած է, որ երբ համաձայնութեան գան, առաջին Patriot համակարգը կրնայ Ուքրանիա ուղարկուիլ քանի մը ամսուան ընթացքին։

Գերմանիան արդէն իսկ երեք Patriot համակարգ փոխանցած է Քիեւին՝ իննը պահելով իր մօտ։

Աւելի վաղ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ ԱՄՆ մտադիր է Ուքրանիոյ մեծ քանակութեամբ զէնք մատակարարել, եւ այդ ծախսը պիտի հոգայ Եւրոպան։