image

Պոլսոյ մէջ. Հայաստանցի երիտասարդ մը ծեծի ենթարկուած

  Պոլսոյ մէջ. Հայաստանցի երիտասարդ մը ծեծի ենթարկուած

Պոլսոյ մէջ բնակութիւն հաստատած հայաստանցի երիտասարդ ՝ Առլէն Տէմիրհան յարձակման եւ ապա ծեծի ենթարկուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն։

Մեր աղբիւրները կը նշեն, որ դէպքը պատահած է անցեալ կիրակի օր Սկիւտար շրջանին մէջ։

Ըստ նախնական տեղեկութեանց դէպքը անհատական ֆոնի վրայ եղած պատահար մըն, իսկ դէպքէն ետք ալ մեր հայրենակիցը փոխադրուած է եւ ենթարկուած վիրաբուժական միջամտութեան դադրեցնելու համար անոր մօտ երեւելի դարձած ներքին արիւնահոսութեան խնդիրը։

Ներկայ պահուս Առլէնի վիճակը կայուն է եւ ան պիտի շարունակէ մնալ բժիշկներու խնամքին տակ։ 

Խնդրին կապակցութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան կապ հաստատած է Առլէնի մօր՝ Արշալոյս Տէմիրհանի  հետ եւ ցոյց տուած իր զօրակցութիւնը խնդրելով նաեւ թաղային խորհուրդէն մօտէն հետեւիլ մեր հայրենակիցի վիճակին։

Միւս կողմէ կը հաղորդուի նաեւ, որ տեղի ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է դէպքին վերաբերեալ եւ արդէն իսկ ձերբակալած է մեղադրեալ մը։

 

Նշենք, որ Առլէն անդամ է Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ ան որպէս դպիր կը մասնակցի կրօնական արարողութեանց ըլլալով անմիջական վերահսկողութեան տակ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ քհնյ. Հերկելեանի։