Պոլսահայ շրջանակներուն մէջ յայտնի անուն ունեցող եւ մեծ համբաւ շահած իրաւաբան՝ Սեդրակ Տաւութհան (Տաւութեան) օրերս պարգեաւտրուած է։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ մեր գործընկեր՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝
«Նոր Մարմարա» կը գրէ՝
Գրած էինք արդէն որ համայնքային շրջանակներուն ծանօթ իրաւաբան, Ֆէրիգիւղի Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի սիւներէն Սեդրակ Տաւութհանի ծառայութեան վաստակը պիտի արժեւորուէր Թուրքիոյ Փաստաբանական կաճառներու կողմէ։
Հանդիսութիւնը երէկ կայացաւ Ճէմալ Ռէշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ։ Պարգեւատրուեցան այն իրաւագէտներն ու իրաւաբանները, որոնք 40, 50 եւ 60 տարիէ ի վեր կ'աշխատին իրենց ասպարէզին մէջ եւ ծառայութիւն կը մատուցանեն երկրին։
Սեդրակ Տաւութհան մաս կը կազմէր այն մեծարեալներուն, որոնք ամբողջացուցած են իրենց աշխատանքային կենսագրութեան յիսնամեակը։ Յուշամետայլն ու համապատասխան վկայականը իրեն յանձնուեցան փաստաբանական կաճառներու միութեան նախագահ Էրինչ Սաղքանի եւ Իսթանպուլի փաստաբանական կաճառի նախագահ Ֆիլիզ Սարաչի ձեռամբ։
Արժէքաւոր փաստաբանի հետ միասին այս ուրախառիթ հանգրուանը բաժնելու համար համերգասրահին մէջ ներկայ էին նաեւ իր կողակիցն ու դուստրերը, որոնցմէ Ալին Էզպիւլպիւլ կը հետեւի հօր ասպարէզին եւ պաշտօնակից է անոր։