image

Պոլսահայ պարադիրը Թեհրանի մէջ պիտի ոգեկոչէ Հրանդ Տինքի յիշատակը

Պոլսահայ պարադիրը Թեհրանի մէջ պիտի ոգեկոչէ Հրանդ Տինքի յիշատակը

Պոլսահայ անուանի պարադիր Միհրան Թովմասեան օրերս Թեհրանի մէջ ելոյթ ունենալով պիտի ոգեկոչէ Հրանդ Տինքի յիշատակը:
Այս մասին կը հաղորդէ «Հայ Ձայն», նշելով որ Միհրան (հիմնադիրը Պոլսոյ մէջ գործող «Չըպլաք այաքլար» գեղարուեստական խումբին) կը մասնակցի իրանեան պարարուեստի «Ալ Ֆաժր» միջազգային փառատօնին:

Թովմասեան պիտի ներկայացնէ իր ստորագրութիւնը կրող երկու խորհրդանաշական պարեր: Մինչ առաջինը նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին երկրորդը կը կրէ «Սար» (թեման Արարատ լեռն է) խորագիրը եւ առաջին անգամն է, որ պիտի ներկայացուի Թուրքիայէն դուրս: Անուանի պարադրողը որդին է պոլսահայ շրջանակներուն մօտ քաջածանօթ Թովմաս եւ Փայլին Թովմասեան ամոլին, որոնք կը համարուին «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրները: