Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին գտնուած է Մարալ Այվազ, որուն նուագակցած է՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։ Ան ունկնդիրներուն համար երկու երգ մեկնաբանած է։
Փարիզակեդրոն «Արմենոփոլ» հարթակը ընկերային ցանցերու միջոցաւ 19 յունիսին հեռարձակած է համերգը: