image

Պոլսահայ գրող Երուանդ Կոպէլեանի որդին թրքերէնով վէպ մը գրած է. Տեղի ունեցած է հատորի ներկայացում 

Պոլսահայ գրող Երուանդ Կոպէլեանի որդին թրքերէնով վէպ մը գրած է. Տեղի ունեցած է հատորի ներկայացում 

Պոլսոյ մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Յակոբ Կոպէլեանի «Խոզակը տաք գոլորշիի մէջ» վէպին հրատարակութեան նուիրուած ձեռնարկ մը։ 

Նշեալ վէպը անցեալին հայաբնակ Պարտիզակի ու անոր մասին ամենատարբեր յիշողութիւններու արձանագրութիւն է՝ ընդելուզուած հեղինակի ընտանիքի պատմութեան ու իրեն փոխանցուած բազմաբնոյթ իրադարձութիւններու հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Օրին գրած էինք Յակոբ Կոպէլեանի «Խոզակը տաք գոլորշիի մէջ» վէպի հրատարակութեան մասին։ Այս գիրքը լոյս տեսած էր Ապրիլ 2023ին՝ «Արաս» հրատարակչատունէն։

Երէկ, 1 Նոյեմբերի իրիկուայ ժամերուն Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ձեռնարկ մը՝ նուիրուած այս վէպի հրատարակութեան։ Բացումը կատարեց Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան։ Նախ հրապարակային զրոյց մը կատարուեցաւ հեղինակին հետ, յետոյ Յակոբ Կոպէլեան իր գիրքը մակագրեց փափաքողներուն։ Զրոյցը վարեց Կեդրոնական Սանուց Միութեան անդամներէն Տայք Միսիսեան։

Հրապարակային զրոյցի ընթացքին հեղինակը ծանօթացուց վէպը, առանցքային գիծերը, ընդգծելով որ ասիկա անցեալին հայաբնակ Պարտիզակի ու անոր մասին ամենատարբեր յիշողութիւններու արձանագրութիւնն է՝ ընդելուզուած իր ընտանիքի պատմութեան ու իրեն փոխանցուած բազմաբնոյթ իրադարձութիւններու հետ։

Պարտիզակ գիւղաւանը մինչեւ 1915 բնակեցուած էր հիմնականին մէջ հայերու կողմէ, բայց կային նաեւ յոյն, լազ եւ վրացի ընտանիքներ։ Հայ ընտանիքներու եկամուտի հիմնական աղբիւրը շերամաբուծութիւնն էր. մետաքսի որդերով խոզակները հզօր կերպար էին ու տարբեր իմաստներով կ'երանգաւորուէին շրջանի բնակիչներու երեւակայութեան մէջ։ Վէպի գլխաւոր հերոսներու «ճանապարհորդութիւնն» է որ ընթերցանութեան կը կապէ գրասէրները եւ զանոնք վկաները կը դարձնէ հերոսներու՝ իրենց ընտանիքներուն հասնելու արկածախնդրութեան։

Ձեռնարկի աւարտին վարչութեան անդամներէն Կարօտ Արծիւեան գրիչ մը նուիրեց հեղինակին։ Հաւաքոյթը վերջացաւ քօքթէյլով։