image

Փաշինեանն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցին քննարկած են խաղաղութեան գործընթացն ու TRIPP երթուղին

Փաշինեանն ու Ալիեւը հեռախօսազրոյցին քննարկած են խաղաղութեան գործընթացն ու TRIPP երթուղին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օգոստոս 8-ին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, յայտնած է ՀՀ կառավարութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ կողմերը միտքեր փոխանակած են ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեամբ 2025-ի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած Խաղաղութեան գագաթնաժողովի առաջին տարեդարձի առիթով, որու ընթացքին, հաղորդագրութեան համաձայն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած է խաղաղութիւն եւ նախաստորագրուած է երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը։

Կողմերը նշած են նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ԱՄՆ կառավարութեան կարեւոր դերը խաղաղութեան գործընթացի առաջխաղացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացին։

Կառավարութեան հաղորդմամբ՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ընդգծուած է երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումը՝ որպէս խաղաղութեան օգուտներու շօշափելի դրսեւորում։ Այս պարունակին մէջ նշուած են ատրպէյճանական նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան և Հայաստանից դեպի այլ ուղղություններ տարանցիկ բեռների փոխադրումները։

Բացի այդ, Փաշինեանն ու Ալիեւը միտքեր փոխանակած են TRIPP երթուղիի իրականացման վերաբերեալ՝ համաձայն Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու։

Կառավարութեան հաղորդմամբ՝ կողմերը կարեւորած են խաղաղութեան գործընթացի առաջմղման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, կապակցուածութեան ու տնտեսական համագործակցութեան ապահովման ուղղութեամբ ջանքերու շարունակումը։