image

Ատրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ կանգնած են իրար կողքի նեղ ու դժուարին օրերուն. Ալիեւը՝ Փեզեշքիանին

Ատրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ ալ կանգնած են իրար կողքի նեղ ու դժուարին օրերուն. Ալիեւը՝ Փեզեշքիանին

 

Ատրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ կանգնած եղած են իրար կողքի նեղ ու դժուար օրերուն։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանին Ատրպէյճանին ուղղուած իր խօսքերուն համար։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ատրպէյճանի մասին Ձեր բարի եւ անկեղծ խօսքերուն համար։ Ատրպէյճանի եւ Իրանի ժողովուրդները միշտ կանգնած եղած են իրար կողքի նեղ ու դժուար օրերուն։ Մեր տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ատրպէյճանը եւս մէկ անգամ ցոյց տուաւ, որ կանգնած է իր եղբայր իրանցի ժողովուրդին կողքին», գրած է Ալիեւ։

Նշենք, որ աւելի վաղ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հետ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանը զգալի օգնութիւն ցուցաբերած է Իրանին՝ բաց պահելով մատակարարման կարեւոր երթուղիները եւ նպաստելով Ռուսիայէն օգնութեան տարանցման։