«Հինգշաբթի հրապարակուած յայտարարութեամբ Պատրիարքարանը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէր երկրին մէջ երեւցած ծայրայեղականներու եւ անոնց շարժումներուն վերաբերեալ» «Արեւելք»ին յայտնեց Պոլսոյ Պատրիարքութեան միաբան Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ Անուշեան: Անուշեան նաեւ ըսաւ, որ «չի բացառուիր, որ այս տագնապալի օրերուն ծայրայեղականներ ըլլան, որոնք յանցանքը իրենցմէ հեռու պահելու համար պիտի ըսեն, որ PKK-ն հայկական կառոյց մըն է»:Մեզի համար կարեւորը այդ անձերուն վարկածները չեն այլ Թուրքիոյ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն կեցուածքը ՝ հայերուն նկատմամբ»: Անուշեան ըսաւ, որ Թուրքոյ մէջ տիրող իրավիճակին բարդացման մասնակից են նաեւ արտաքին ուժեր: Ըստ հոգեւորականին «դուրսէն կատարուած ճնշումներուն մէջ նաեւ յատուկ օրակարգ կայ տեղի հայերուն անհանգստացնելու կամ տարբեր տեսակի ճնշումներ գործադրելու»: Վարդապետ Անուշեանի կարծիքով Թուրքիոյ բոլոր խնդիրները կը լուծուին միայն երկրին մէջ երկխօսութիւն կատարելու ճանապարհով: Անուշեան նաեւ յայտնեց, որ իր կարծիքով Թուրքիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումը եւ ամրացումը հայերուն համար աւելի նպաստաւոր են: Վարդապետը պատասխանելով «Արեւելք»ի Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ հնչած հակահայ յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը ըսաւ, թէ ինք անձնապէս այդպիսի բան չէ լսած նկատել տալով, որ նոյնիսկ եթէ նմանօրինակ յայտարարութիւններ եղած են այդ մէկը որեւէ արժէք չունի,որովհետեւ «աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ քիչ են այդպիսի անձերը , որոնք ատելութիւն կը հրահրեն եւ անոնց արարքները արժանի են պախարակումի»: