Ռուսիոյ ազատական-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Լեոնիտ Սլուցքին նամակ ուղարկած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ խնդրելով կառավարութեան յանձնարարել՝ ուսումնասիրել Հիւսիսային ծովային ճանապարհը բեւեռախոյզ Արթուր Չիլինկարովի անունով կոչելու հնարաւորութիւնը։ Ականաւոր հայազգի գործիչը մահացած է 84 տարեկանին՝ յունիս 1-ին։
Նամակին մէջ ըսուած է, որ Չիլինկարովը հասկցած է Հիւսիսային ծովու երթուղիի կարեւորութիւնը եւ ատոր ռազմավարական նշանակութիւնը երկրի տնտեսութեան եւ անվտանգութեան համար։
«Այդ պատճառով Արթուր Նիքոլաեւիչը երկար տարիներ աշխատած է կարգաւորող դաշտի ստեղծման վրայ, որ կ՚որոշէ Հիւսիսային ծովային երթուղիի ջուրերուն մէջ նաւերու նաւարկութեան իրաւական կարգավիճակը, կանոնները եւ կազմակերպումը»,-ըսուած է նամակին մէջ։
Փաստաթուղթին մէջ նշուած է նաեւ, որ Չիլինկարովն անգնահատելի ներդրում ունեցած է Երկրի բեւեռային շրջաններու ուսումնասիրութեան եւ Հիւսիսային ծովային ճանապարհի իրաւական կարգավիճակի ապահովման գործին մէջ։
Ռուսիոյ ազատական-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարը, «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հետ զրոյցին, նշած է, որ որոշումը ոչ միայն յարգանքի տուրք պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ազդանշան երիտասարդ սերունդի համար։ Անոր կարծիքով՝ անհրաժեշտ է «մեծարել ապագայ բացայայտողները, որոնք պատրաստ են նուաճելու անյայտը, երազելու գիտական անհաւանական բեկում մտցնելու մասին, այլ ոչ թէ ապրիլ հեռախօսի մէջ»։
Արթուր Չիլինկարովը Ռուսիոյ աշխարհագրական միութեան առաջին փոխնախագահն էր, Բեւեռային պետական ակադեմիայի նախագահը, Բեւեռախոյզներու միութեան նախագահը։ Ընտրուած է VII եւ VIII գումարումներու պետական Տումայի պատգամաւոր։ 2011–2014 թուականներուն եղած է Դաշնութեան խորհուրդի անդամ Թուլայի մարզէն, իսկ 2014 թուականին նշանակուած է նաեւ Թուլայի մարզի նահանգապետի խորհրդական։ Հիւսիսային ծովային ճանապարհը Եւրոպայէն Ասիա ամենակարճ ծովային ճանապարհն է։
Հիւսիսային ծովային ճանապարհի երթուղիները կը գտնուին Արքթիքական ծովերու ջուրերուն մէջ եւ Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսի հարաւային մասին մէջ, Արքթիքայի տարածքին մէջ Ռուսիոյ բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: