Միացեալ Նահանգները միջնորդներու միջոցով առաջարկած է վերացնել պատժամիջոցները եւ դադրեցնել Իրանի տնտեսական շրջափակումը՝ Հորմուզի նեղուցի բացման եւ տարածաշրջանին մէջ միջնորդաւորուած (փրոքսի) ուժերու յարձակումներու դադրեցման դիմաց։
Այս մասին յայտնած է Al Hadath հեռուստաալիքը՝ վկայակոչելով աղբիւրները։
Անոր տուեալներով՝ այս տեղեկութիւնը իրանական կողմին փոխանցած է Փաքիստանի բանակի գլխաւոր հրամանատար Ասիմ Մունիրը՝ Իրան կատարած այցին ընթացքին։ Ան նաեւ կոչ ըրած է Թեհրանին վերսկսելու փոխըմբռնման յուշագիրին շուրջ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հաստատելու, որ Իսլամապատը այս հակամարտութեան մէջ որեւէ մէկուն կողմը չի բռներ։