Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութին եւ Իպրահիմ Ռայիսին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ 2022-ի սկիզբը: Այս մասին յայտնած է Ilna News-ը՝ յղում ընելով ռուսական պետական հեռուստաընկերութեան:
Ըստ աղբիւրին՝ նախագահները հանդիպման ժամանակ պիտի ստորագրեն երկիրներու միջեւ համագործակցութեան 20-ամեակին նուիրուած համապայմանագիրը: Մոսկուա եւ Թեհրան Փոխադարձ յարաբերութիւններու հիմքերու եւ համագործակցութեան սկզբունքներու մասին պայմանագիր ստորագրած էին 2001-ին: Փաստաթուղթի 20-ամեակը լրացած է 2021-ի 12 Մարտին: