«Համաս»ի վճիռը այն իմաստով, որ իր եւ իր ժողովուրդին դատին հովանաւորը Իրանն է, լուրջ հարցումներու տեղի կու տայ։ Ի վերջոյ Պաղեստին բաղկացուցիչն է արաբական աշխարհին, որուն մեծ մարմին-կարպետի կարեւոր նախշերէն ու այդ դատին իրական հովանաւորն է։ Պաղեստինի խնդրին շուրջ Իրան այսօր երեւելի հովանաւոր մըն է, բայց քառասուն տարի առաջ այդպէս չէր։
Բաց աստի, սիւննի աշխարհը Կազզէի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ կը պահէ սառնասրտութիւն։
Կազզէի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի. Իսրայէլի ծայրայեղութենէն անդին կը հարցաքննուի նաեւ միւս կողմին ընթացքը։ Այսպէս, Իսմայիլ Հանիյէի սպանութենէն ետք «Համաս»ի նախագահը դարձաւ Եահիա Սինուար։ Սակաւաթիւ վերլուծաբաններ կ՚անդրադառնան «Համաս»ի սայթաքումներուն։
Պաղեստինի ժողովուրդը բառին բուն իմաստով ջարդուեցաւ եւ դեռ ալ կը ջարդուի, սակայն «Համաս» կը շարունակէ կուտակել այն սխալները, որոնք գործուեցան մինչեւ հիմա։ Մինչ այդ, բազմաթիւներ հոկտեմբերի 7-ի իրադարձութիւնները յաղթանակ համարեցին պաղեստինեան դատին տեսակէտէ, սակայն այդպէս չէր ու յառաջիկային պիտի վկայենք այդ բոլորի հետեւանքներուն։
«Համաս»ի վճիռը այն իմաստով, որ իր եւ իր ժողովուրդին դատին հովանաւորը Իրանն է, լուրջ հարցումներու տեղի կու տայ։ Ի վերջոյ Պաղեստին բաղկացուցիչն է արաբական աշխարհին, որուն մեծ մարմին-կարպետի կարեւոր նախշերէն ու այդ դատին իրական հովանաւորն է։ Պաղեստինի խնդրին շուրջ Իրան այսօր երեւելի հովանաւոր մըն է, բայց քառասուն տարի առաջ այդպէս չէր։
Բաց աստի, սիւննի աշխարհը Կազզէի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ կը պահէ սառնասրտութիւն։
Միւս կողմէ, եթէ որոշ շրջան մը «Համաս»ի զինեալները դիմադրեցին Իսրայէլի բանակին, ապա իրենց բոլոր սխրանքները պիտի դառնան Իրան-Արեւմուտք մեծ բանակցութեան մը կշռաքարը կամ կշռաքարերէն մին։ Այս կէտին կը ծագի այն հարցումը, թէ արդեօք ներկայ աշխարհը կրնայ ընդունի՞լ սոյն գաղափարախօսութիւններով կայացած Պաղեստին մը։ Կա՛մ երբ պատերազմի թնդանօթները լռեն՝ քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի ընդունի՞, որ Եահիա Սինուարը ըլլայ Պաղեստինի ներկայացուցիչը՝ ՄԱԿ-ի կամ այլ ամպիոններու վրայ։ Անշուշտ, պատասխանը ոչ է։
Բաց աստի շեշտել, որ Կազզէի ներկայ իրավիճակը միայն Իսրայէլի եւ Նեթանիյահուի ձեռագործն է, այս մէկը ընդունելի չէ։ Պաղեստինի ժողովուրդը պէտք է ունենայ անկեղծ եւ անկաշկանդ իր կարծիքը, որով կերտուի Պաղեստին մը՝ առանց Սինուարներու, առանց բոլոր առումներով թերացած Պաղեստինի ներկայ իշխանութեան, այլ բոլորովին նոր ձեւաչափով։ Պաղեստինի համար կարեւոր է երրորդ ընտրանք մը, որուն քաղաքական-բարոյական գիծը շարունակութիւնը ըլլայ առաջին նախագահ Եասէր Արաֆաթի կերտած ուղիին, որ ի վերջոյ պիտի ընդունի Իսրայէլի գոյութեան իրաւունքը, որուն հարեւանն ալ պիտի ըլլայ ժողովրդավար Պաղեստին մը՝ իր Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով։ Անշուշտ, այս պայմաններով Եահիա Սինուար հեռու է Պաղեստինի առաջնորդը ըլլալու տրամաբանութենէն։
Պաղեստինը կրնայ ապրիլ միայն ժողովրդավար, ազատ եւ յառաջադէմ ընկալումներով, իսկ այս ձեւաչափերէն դուրս որեւէ Պաղեստին մը պիտի շարունակէ որպէս մսաղաց ծառայել Իսրայէլի ոեւէ վարչապետի, որ իր սեփական կամ հաւաքական հարցերը կարգի բերելու համար պատրաստ է ջարդի ենթարկել անմեղ եւ անտէր դարձած Պաղեստինի ժողովուրդը։
Արաբական ծոցի երկիրները, հասկնալի պատճառներով, խանդավառ չեն ներպաղեստինեան խորապատկերով։ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ՝ այդ երկիրները կը փորձեն իրենց գործընկերներուն բացատրել, թէ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել միայն փոխհամաձայնութեամբ։ Հարկ է նշել, որ հարցերը կրնան լուծուին միայն երկխօսութեամբ եւ Պաղեստին պարտաւոր է ճանչնալ Իսրայէլի գոյութիւնը։ Նոյնը պարտաւոր է ընել Իսրայէլ, մինչեւ իսկ օր մը ներողութիւն խնդրելով պաղեստինցի ժողովուրդէն, որ այսօր կը գտնուի արիւնաքամ վիճակի մէջ։ Իբր այդ, արաբական աշխարհը ներկայիս հանդէս կու գայ դիտողի դերով։
Միւս կողմէ, նուազ շեշտակի մօտեցումներով հանդէս կու գայ Թուրքիան։ Ճիշդ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան միշտ իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պաղեստինին, բայց եւ այնպէս, ներկայ դրութեամբ Անգարան շատ ալ խանդավառ չէ «Համաս»ի մօտեցումներով։ Աւելի՛ն, Թուրքիա կը խորհի, որ «Համաս» ամէն ինչ պէտք է ընէ հեռանալու համար զինեալ միլիսի պիտակէն ու մօտենայ քաղաքական գործընթացներուն։ Իբր այդ, Թուրքիան անցեալին իր ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը յայտնած էր Հանիյէի կողմէ առաջնորդուող «Համաս»ին՝ յոյս ունենալով, որ «Համաս» կը հեռանայ զէնքի լեզուով խօսելու ընտրանքներէն։
Իսկ այսօր, երբ արդէն «Համաս»ի գլխաւոր առաջնորդին անունը զօդուած է զէնքի ընտրանքին, Թուրքիան առիթն ունի դարձեալ վերլուծութեան ենթարկելու անցեալ մէկ տարուան զարգացումները, ապա միայն իր հեղինակաւոր խօսքն ըսելու։
Բաց աստի, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասը Թուրքիա հրաւիրելու, վերջինիս Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ խօսք ուղղելու առիթ ստեղծելը իր մէջ կը պարփակէ տարբեր պատգամներ ուղղուած՝ Պաղեստինի ժողովուրդին, «Համաս»ին, արաբական աշխարհին, Իսրայէլին եւ միջազգային հանրութեան։ Այս մօտեցմամբ Թուրքիա կ՚ուզէ ըսել, որ չկայ պաղեստինեան խնդրի արդար լուծում, առանց Պաղեստինի արդիական պետութեան մը կերտման։ Նաեւ կ՚ուզէ բացատրել, թէ այդ մէկը կրնայ անընդունելի ըլլայ Թել Աւիւի համար, սակայն միեւնոյնն է, աշխարհն ու Իսրայէլը պարտաւոր են հաշուի նստիլ այն ճշմարտութեան հետ։ Միայն այդ պետութեան հետ երկխօսութիւն իրականացնելու ընտրանքն է, որ կրնայ ստեղծել խաղաղութիւն մը հիմնելու եւ աճեցնելու իրական հնարաւորութիւնն ու հեռանկարը։
Այս առումով ալ հարկ է, անշուշտ, բացայայտել եւ տեղ մըն ալ ընդունիլ, որ Էրտողանի Թուրքիան իր այս մօտեցումով կը գտնուի յառաջապահ դիրքի վրայ, քան արաբական շարք մը պետութիւններ, որոնք, կարծէք, կ՚ուզեն խաղէն դուրս մնալ։
Ի վերջոյ, երկու պետութեանց ընտրանքը, երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները միակ իրական ճանապարհներն են հասնելու համար Պաղեստին-Իսրայէլ խնդրի լուծման, որ 1948 թուականէն ի վեր կը շարունակէ արիւնիլ ու գլխացաւ պատճառել Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն, նաեւ միջազգային հանրութեան։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս