image

Փօլ Պաղտատլեանը յիշելով. Երգահանդէս-հաւաք Երեւանի մէջ

Փօլ Պաղտատլեանը յիշելով. Երգահանդէս-հաւաք Երեւանի մէջ

Մասնաւորապէս սփիւռքի ամենալայն շրջանակներուն սիրուած աստղ համարուող Փօլ Պաղտատլեանը վերստին յիշելու նպատակով խումբ մը երգիչներ նախաձեռնութիւնը վերցուցած են իրականացնելու երգահանդէս-հաւաք մը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ լիբանանահայ երգիչ՝ Նժդեհ Շահինեանէն, որ նախաձեռնութեան գլխաւոր կազմակերպիչն է։

Նշենք, որ հաւաքը պիտի կայացուի շաբաթ 11 Փետրուարին, ժամը 9:00-էն , Երեւանի հանրայայտ տեղ հանդիսացող «Փակ 75»-էն ներս (Աբովեան 18 փող.):

Գալիք երգահանդէսին մասին կարճ զրոյց մ՚ունենացանք մեր հայրենակից Նժդեհ Շահինեանին հետ, որ մասնաւորապէս ըսաւ՝ «Մեզի համար Փօլը անմահ է, անոր ձայնն ու թողած աւանդը մնայուն արժէքներ են։ Այդ օր պիտի փորձենք ամէն գնով Փօլին յիշատակը ապրեցնել»։

Նժդեհ նաեւ իր ցաւը յայտնեց, որ այսօր շատ են անոնք, որ Փօլին նման երգել կը փորձեն բայց անտաղանդ են։

Ան այս առումով ըսաւ՝ «Մեր երգահանդէսին պիտի մասնակցին տաղանդաւոր երգիչներ, ոչ թէ ծաղրածուներ։ Այսօր շատեր իրենք զիրենք Փօլ ըրած եւ շուկայ իջած են, բայց իմ կարծիքով անոնց ըրածը, ոչ թէ երգել է, այլ Փօլին յիշատակը վիրաւորել։ Այդ մէկը անընդունելի է իմ համար»։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ այդ օր գլխաւոր երգիչը կը հանդիսանայ նոյնինքն Նժդեհ Շահինեանը, որ անձնապէս շատ մօտ եղած է Փօլին եւ իր ամենադժուար պահերուն՝ հիւանդութեան վերջին փուլին եղած է Փօլի կողքին ու իր հօր ՝ «Տիսքո եանկ»-ի սեփականատէր՝ Սարգիս Շահինեանին հետ իրենց կարելին ըրած են յանուն Փօլի առողջութեան վերականգման։

Ցաւօք սակայն եւ հակառակ կարեւոր ճիգերուն կարելի չէ եղած Փօլի առողջութիւնը վերականգնել ու դարձեալ միացեալ ճիգեր գործադրելով մեծ երգիչը վերադարձած է Միացեալ Նահանգներ, ուր (29 յունիս 2011-ին) կը կնքէ իր իր մահկանացուն, խոր վիշտի մատնելով ոչ միայն իր երկրպագուները, այլ իր արուեստը արժէւորողները։

Նժդեհի խօսքով սոյն հաւաքը, միայն երգհանադէս-հաւաք մը չէ, այլ աւելին է։ Այն Փօլի արուեստով վերստին ապրելու, անոր աւանդը շարունակելու իսկական առիթ է։