Նիկոլ Փաշինեան հետզհետէ կը դժուարանայ կատարելու պետութեան ղեկավարի իր գործառոյթները: Հասարակութեան մեջ իր որեւէ երեւումը վէճերու եւ աւելի մեծ գրգռման կը յանգեցնէ: Շաբաթ օր՝ 19 Դեկտեմբերին, ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած է ուժ կիրառել, որպէսզի Փաշինեան կարողանայ ծաղիկներ դնել զինուորական պանթէոնը, իսկ երկուշաբթի, ան ա՛լ աւելի նուրբ խնդրի առջեւ կանգնած է, դէպի երկրի հարաւային հատուածը ուղեւորութեան ընթացքին: Այս շրջանի բնակիչները վարժուած են, որ ատրպէյճանական դիրքերը իրենց բնակավայրերէն 70 քմ կամ նոյնիսկ 100 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին, եւ այժմ սահմանը կը գծուի բառացիօրէն իրենց քաղաքներուն եւ գիւղերուն ծայրամասերու երկայնքով, կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը:
Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ երկուշաբթի օր Հայաստանի մէջ կը լրանայ եռօրեայ սուգը, որ յայտարարուած էր Լեռնային Ղարաբաղի նահատակներու յիշատակին համար: Այս ընթացքին տարբեր հայ քաղաքական գործիչներ փորձած են այցելել Երեւանի Եռաբլուր զինուորական պանթէոնը, ուր յայտնուած են հարիւրաւոր թարմ գերեզմաններ: Այնուամենայնիւ, երկրին մէջ տեղի ունեցած ծանր քաղաքական ճգնաժամը ինքն իրեն «զգացնել տուած է», երբ մարդիկ սկսած են վիճիլ, թէ ով իրաւունք ունի այցելելու յուշահամալիրը եւ ով՝ ոչ:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները Գարեգին Նժդեհի յուշարձանէն դէպի Եռաբլուր քալած են նոյնիսկ պաշտօնապէս յայտարարուած սուգէն առաջ՝ 18 դեկտեմբերին: Անոր մասնակցած է շուրջ 10 հազար մարդ, որոնք իրենց հետ մոմեր, ջահեր ու հանգուցեալներուն լուսանկարները ունեցած են:
Լուրերը այն մասին, որ Նիկոլ Փաշինեան սգոյ առաջին օրը պիտի այցելէ հանգուցեալներու շիրիմները, լուրջ անկարգութիւններու տեղիք տուած են երկրին մէջ: Առաւօտեան անոր հակառակորդները շարուած եղած են Եռաբլուրի մօտ՝ յայտարարելով, որ «դաւաճան Նիկոլը» իրաւունք չունի գալ այնտեղ, ուր թաղուած են պատերազմի հերոսները: Փաշինեան չէր ցանկացած նահանջել, իսկ յետոյ ոստիկանութիւնը, ուժ գործադրելով, միջանցք բացած էր, որով կառավարութեան ղեկավարը կարողացած էր մուտք գործել գերեզմանատուն: Ան նոյնպէս միայնակ չէր, այլ աջակիցներու հետ, բայց ընդդիմադիր բազմաթիւ լրատուամիջոցներ կը պնդէին, որ վերջիններս հաւաքուած են երկրի վարչական միջոցներու հաշւոյն:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան առաջնորդներէն՝ Իշխան Սաղաթէլեան նշած էր, որ Փաշինեան սուգը կ'օգտագործէ քաղաքական նպատակներով, եւ երեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին, ընդդիմութիւնը կը նախատեսէ համընդհանուր գործադուլ սկսիլ` անոր հրաժարականը պարտադրելու համար: Նախապէս, հայկական ընդդիմութիւնը մէկ անգամ արդէն վերջնագիր ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ դարձեալ երեքշաբթի օր՝ 7 դեկտեմբերէն առաջ: Բայց ան յաջողութեամբ անցած էր այդ փուլը՝ յայտարարելով, որ հրաժարական չի ներկայացներ, առանց «ժողովրդի կամարտայայտման»:
Երկուշաբթի՝ 21 դեկտեմբերին, Նիկոլ Փաշինեան ուղեւորուած է Սիւնիքի մարզ: Մինչեւ վերջերս երկրի հարաւը գտնուող այս շրջանը Ատրպէյճանի հետ սահմանակից էր միայն արեւմուտքով, ուր տեղակայուած է Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը: Մարզի արեւելեան սահմանը շատ ձեւական բնոյթ ունէր, քանի որ սահմանակից էր ինքնահռչակ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ:
Այնուամենայիւ, հոկտեմբերին ատրպէյճանական զօրքերը մտած են Սիւնիքի մարզին յարակից Զանգելանի շրջանը, եւ այժմ այնտեղ սահմանազատում կ'իրականացուի՝ խորհրդային վարչական սահմաններու երկայնքով: Անոնց խօսքով ՝ Գորիս եւ Կապան քաղաքներու միջեւ ճանապարհը քանի մը անգամ կը մտնէ Ատրպէյճանի տարածք: Խորհրդային տարիներուն կառուցուած Կապանի օդակայանի տարածքի մէկ մասը նոյնպէս այնտեղ կը հասնի:
Այս առնչութեամբ, յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, նշելով, որ առաջիկայ օրերուն կը տրուին լրացուցիչ բացատրութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան, իր հերթին, ըսած է քաղաքացիներուն. «Ես ուզում եմ կրկնել, որ մենք Սիւնիքի մարզից ոչ մի միլիմեթր չենք զիջել, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մէկ միլիմեթր հող չենք զիջել Հայաստանի Հանրապետութիւնից՝ որպէս ամբողջութիւն»:
Այնուամենայնիւ, եթէ նոյնիսկ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի անդամ, Սիւնիքի մարզպետ՝ Մելիքսէթ Պօղոսեանը հաւատարիմ է վարչապետին, միեւնոյնն է, տեղի քաղաքներու քաղաքապետերը չեն թաքցներ, որ իրենք ամենեւին գոհ չեն հիւրէն:
«Այսօր դուք ձեր ձեռքերով թշնամուն նուիրեցիք արիւնով պահուած պատմական երկիրը, մեր բնակավայրերը նուիրեցիք թուրքին: Որոտանից մի քանի մեթր հեռավորութեան վրայ պէտք է տեղակայուի ատրպէյճանցին: Ի՞նչ սրտով պէտք է Որոտանը շարունակի ապրել ու ստեղծագործել: Դուք ասացիք, որ սահմաններն անվտանգ են: Դուք գնում էք Կապան տանող «անվտանգ» ճանապարհով եւ ձեռք էք սեղմելու նրա կողքին կանգնած թշնամու հետ»,- ՀՀ վարչապետին դիմելով՝ իր դիմատետրի էջին գրած է Գորիսի քաղաքապետ՝ Առուշ Առուշանեանը:
Հայ քաղաքագէտ Վիգէն Յակոբեանը «Քոմերսանթ»-ին տուած հարցազրոյցին, Նիկոլ Փաշինեանի պահուածքը համեմատած է Պելառուսիոյ նախագահ՝ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի պահուածքին հետ: Չնայած օգոստոսին սկսած լայնածաւալ բողոքներուն՝ Լուքաշենքոն նախանձախնդրօրէն կը շարունակէր շրջիլ երկրով մէկ եւ ելոյթ ունենալ հասարակութեան առջեւ: Սակայն, փորձագէտի կարծիքով, Նիկոլ Փաշինեան չի կարողանար կրկնել իր պելառուս գործընկերոջ փորձը:
«Լուքաշենքոն, ըլլալով իշխանութեան գլուխը աւելի քան 20 տարի, կառուցեց կոշտ կառավարման համակարգ, որ բաւականին արդիւնաւէտ էր: Փաշինեանի իշխանութիւնը հիմնուած չէ որեւէ լուրջ հաստատութենական կառոյցի վրայ: Ընդհակառակը, ան քայքայեց բոլոր նախորդ՝ լաւ կամ վատ կառոյցները եւ ոչինչ ստեղծեց զանոնք փոխարինելու համար: Հիմա ան ոչինչ ունի: Երէկուայ՝ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած գործողութիւնները ցոյց տուին, որ այդ ամէնը իր միջոցներուն առաւելագոյն մասն է: Ան կը պահպանէ իշխանութիւնը ոչ թէ իր ուժի, այլ ընդդիմութեան թուլութեան պատճառով: Քանի դեռ ամէն ինչ սահմանափակուած է խաղաղ ցոյցերով ու երթերով, ընդդիմութեան բազմաթիւ կողմնակիցներ կը կարծեն, որ հնարաւոր է տունը մնալ: Բայց երբ անոնք հասկնան, որ իրենց ներկայութիւնը վճռական է, այս մարդիկ եւս կ'իջնեն փողոց», - նկատել տուած է Յակոբեանը: