image

Փաշինեանն ու Ալիեւը 14 Մայիսին պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ. Financial Times

Փաշինեանն ու Ալիեւը 14 Մայիսին պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ.  Financial Times

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները այս շաբթուան վերջաւորութեան պիտի վերսկսին խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները Պրիւքսէլի մէջ: Ինչպէս գրած է Financial Times-ը, այս մասին յայտնած են քաջատեղեակ պաշտօնեաները։

Պարբերականը վկայակոչած է երեք աղբիւր, ըստ որոնց՝ արեւմտեան դաշնակիցները կ'աշխուժացնեն միջնորդական ջանքերը։ Նշուած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ կիրակի պիտի հիւրընկալէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նշուած է, որ վերջին անգամ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը կայացած է փետրուարին Միւնիխի մէջ:

Յիշեցնենք, որ մայիսի սկիզբը ՀՀ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններ վարած են Ուաշինկթոնի մէջ: