image

Փաշինեանի հրամանով գաղտնի փաստաթուղթ մը հանրայնացուեցաւ

Փաշինեանի հրամանով գաղտնի փաստաթուղթ մը հանրայնացուեցաւ

Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը, 15 ապրիլին, հատուածներ հրապարակած է անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստի արձանագութենէն՝ խախտելով միաժամանակ քանի մը կարեւորագոյն օրէնքներ։ Այսպէս. «Անվտանգութեան խորհրդի կազմաւորման եւ գործունեութեան մասին» ՀՀ օրէնքի 4–րդ յօդուածի 14–րդ կէտի համաձայն՝ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստերու օրակարգը, նիստերուն քննարկուած հարցերու բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան արդիւնքները հրապարակման ենթակայ չեն:

 

Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ գաղտնազերծուած արտահերթ նիստը տեղի ունեցած է 2020թ. սեպտեմբեր 30–ին՝ պատերազմի երրորդ օրը։ ԱԽ նիստի ընթացքին քննարկուած են  ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագօտիին վրայ օփերաթիւ վիճակը եւ հայկական զինուած ուժերու հետագայ քայլերը, հետեւաբար ԱԽ նիստի արձանագրութիւնը գաղտնի եղած է։

Գաղտնիութեան մասին, 14 ապրիլին, խորհրդարանէն ներս յայտարարած է անգամ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ նշելով, որ «կը մտածեն Անվտանգութեան խորհրդի գաղտնի արձանագրութեան՝ Օնիկ Գասպարեանի հատուածը հրապարակելու մասին»։ Սա կը նշանակէ, որ ԱԽ նիստի՝ գաղտնիութեան աստիճան ունեցող արձանագրութեան հրապարակումը եղած է անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով։

«Պետական եւ ծառայողական գաղտնիքի մասին» ՀՀ օրէնքի համաձայն՝  Պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող եւ «գաղտնի» գաղտնիութեան աստիճան ունեցող տեղեկութիւնները, գաղտնագրման պահէն սկսած, որպէս գաղտնիք կը պահպանուին մինչեւ 10 տարի: Նոյն օրէնքի համաձայն՝ տեղեկութիւնները կրնան  գաղտնազերծուիլ երկու հիմքի պարագային։

ա) պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններու բաց փոխանակման ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները.

բ) առարկայական հանգամանքներու փոփոխութիւնը, որու հետեւանքով պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող տեղեկութիւններու հետագայ պահպանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կը դառնայ աննպատակայարմար:

Մինչ այս պահը յայտնի չէ որեւէ տուեալ այն մասին, որ ՀՀ–ն որեւէ միջազգային պարտաւորութիւն ունի գաղտնազերծելու պատերազմին առնչուող անվտանգութեան խորհուրդի նիստի արձանագրութիւնը:

 

Նշենք, որ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 306–րդ յօդուածի համաձայն՝ պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ դիտաւորութեամբ հրապարակելն այն անձի կողմէ, որ պետական գաղտնիքի հետ ծանօթանալու իրաւունք ունէր, եւ որուն այդ վստահուած եղած է կամ յայտնի դարձած է ծառայութեան բերմամբ,  կը պատժուի կալանքով՝ երկուքէն երեք ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով՝ որոշակի պաշտօններ զբաղցնելու կամ որոշակի գործունեութեամբ զբաղելու իրաւունքէն զրկելով՝ առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով: