image

Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ փոխ-վարչապետը

Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ  փոխ-վարչապետը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 4 ապրիլին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն։

«Գոհունակութեամբ պէտք է նշեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան ներկայացուցիչների միջեւ շփումների բարձր ինտենսիւութիւն ունենք, եւ չնայած դրան, առաւել դինամիկ շփումների կարիք կայ, քանի որ մեր օրակարգն այնքան յագեցած է, որ ոչ միշտ է յաջողւում սպառել բոլոր հարցերը»,–ըսած է Փաշինեան:

Ան վստահեցուցած է, որ պիտի քննարկեն հարցերու բաւական լայն շրջանակ՝ տնտեսական եւ քաղաքական հարցեր, տարածաշրջանային եւ միջազգային իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Ռուսիոյ փոխվարչապետն իր հերթին ընդգծած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխյարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը:

«Ի հարկէ, այդ յարաբերութիւնները մէկ անգամ չէ, որ բախած են տարբեր մարտահրաւէրներու՝ ներառեալ տնտեսական ճգնաժամերը, համաշխարհային առեւտրատնտեսական համակարգի փոփոխութիւնները: Հակառակ ատոր՝ մենք կը շարունակենք ամրապնդել մեր համագործակցութիւնը տնտեսական ոլորտի մէջ, եւ նախորդ տարի փոխադարձ առեւտրաշրջանառութեան աճի շատ լաւ ցուցանիշներ ունինք: Ռուսիայէն Հայաստան ներդրումները եւս լաւ ընթացքի մէջ են»,–ըսած է Օվերչուքը:

Ան նշած է, որ իրապէս կ'ուրախանան այն յաջողութիւններով, որ կ'արձանագրէ Հայաստանի տնտեսութիւնը՝ որպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան մեծ տնտեսութեան մէկ մաս եւ այն առաւելութիւնները, որ կու տայ միութիւնը տեսանելի են:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ եղած է առեւտրատնտեսական կապերուն եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ թեմաներու: