Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունած է Քրտական բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ) զինաթափման գործընթացին վերաբերող օրինագիծը։
Ինչպէս կը հաղորդէ NTV հեռուստակայանը, օրինագիծը ընդունուած է շուրջ 12 ժամ տեւած քննարկումներէ եւ յօդուած առ յօդուած քուէարկութենէ ետք։
Փաստաթուղթը խորհրդարան ներկայացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը։
12 յօդուածէ բաղկացած օրինագիծը իրաւական հիմք կը ստեղծէ Քրտական բանուորական կուսակցութեան լուծարման գործընթացին համար։ Թուրքիոյ նախագահի կողմէ ստորագրուելէ եւ պաշտօնական Resmi Gazete-ին մէջ հրապարակուելէ ետք ան ուժի մէջ պիտի մտնէ։
Քրտական բանուորական կուսակցութեան լուծարման գործընթացը սկսած է 2025 թուականի Փետրուարին՝ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած կազմակերպութեան առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանի նախաձեռնութեամբ։
Նոյն տարուան Մայիսին Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը համագումար գումարած է, որու ընթացքին որոշում կայացուած է ինքնալուծարման եւ Թուրքիոյ հետ շուրջ 50 տարի տեւած հակամարտութիւնը դադրեցնելու մասին։
Քրտական բանուորական կուսակցութեան զինաթափման գործընթացը սկսած է 2025 թուականի Յուլիս 11-ին՝ Իրաքի հիւսիսը։ Հետագային Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ստեղծուած էր յատուկ յանձնաժողով՝ գործընթացին առնչուող հարցերը քննարկելու նպատակով։