image

Փաշինեան Փարիզի մէջ պիտի հանդիպի Մաքրոնին

Փաշինեան Փարիզի մէջ պիտի հանդիպի Մաքրոնին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հոկտեմբեր 29-30-ը աշխատանքային այցով կը գտնուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան մէջ։ Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն:

29 հոկտեմբերին վարչապետը պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան 8-րդ համաժողովին: Նախատեսուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ։

Հոկտեմբեր 30-ին Էլիզեան պալատին մէջ պիտի կայանայ վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։