ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր` Ապրիլ 2-ին, ապրիլեան պատերազմի 6-րդ տարելիցին, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ այցելած է «Եռաբլուր»զինուորական պանթէոն:
Վարչապետը «Եռաբլուր» այցելած է մեծ թիւով անվտանագութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ: Մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր բերուած էին «Եռաբլուր»-ի տարածք, որոնց կը համակարգէր Երեւանի փոխոստիկանապետը:
Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է ապրիլեան պատերազմի զոհերու, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն:
Նիկոլ Փաշինեանը ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: