image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան Եռաբլուր այցելած է մեծաթիւ ապահովականներու ուղեկցութեամբ

Փաշինեան Եռաբլուր  այցելած է մեծաթիւ ապահովականներու  ուղեկցութեամբ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր` Ապրիլ 2-ին, ապրիլեան պատերազմի 6-րդ տարելիցին, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ այցելած է «Եռաբլուր»զինուորական պանթէոն: 

Վարչապետը «Եռաբլուր» այցելած է մեծ թիւով  անվտանագութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ: Մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր բերուած էին «Եռաբլուր»-ի  տարածք, որոնց կը համակարգէր Երեւանի փոխոստիկանապետը:

Վարչապետը ծաղիկներ խոնարհած է ապրիլեան պատերազմի զոհերու, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն:

Նիկոլ Փաշինեանը ծաղկեպսակ դրած է զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: