image

Ձեռնադրութիւններ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

Ձեռնադրութիւններ Թրոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի հանդիսապետութեամբ, օրերս, Թրոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշուած է ծուխի հիմնադրութեան 68-ամեակը։ Յատկանշական այս առիթով, Սրբազան Հայրը պատարագած եւ քարոզած է՝ անդրադառնալով Խաչի խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ձեռնադրելով ութը դպիր եւ երկու կիսասարկաւագ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 27 Սեպտեմբերին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանպատարագեց եւ քարոզեց Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նշուեցաւ  ծուխի հիմնադրութեան 68-ամեակը։

Սրբազան Հայրը օրուան յատուկ՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ Աւետարանական ընթերցումին հետեւողութեամբ, խօսեցաւ Խաչի խորհուրդի մասին։ Յընթացս Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը ձեռնադրեց ութը դպիր (Էյմի Գարակէօզեան, Նազօ Գարակէօզեան, Ժագլին Վիքթորիա Քիւպիքեան, Արթըր Ալեքսանտր Քիւպիքեան, Ալիք Քարեան, Ռաֆֆի Ռէճէպեան, Երան Աթըմիզեան եւ Անի Աշճեան) եւ երկու կիսասարկաւագ (Լեւոն Թէքէեան եւ Նշան Գույումճեան), յաւելեալ ուրախութիւն պարգեւելով այս յիշարժան տօնակատարութեան։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հաւատացեալները՝ աղօթքի, եղբայրակցութեան եւ ծառայութեան 68 տարիներուն առիթով։ Տիկին Շաքէ Գազանճեան Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ ստացաւ գնահատագիր մը եկեղեցւոյ աւելի քան քսանամեայ իր ծառայութեան իբրեւ դպրապետ։ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույուճեան՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ծուխի երախտագիտութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանին իրենց հոգեւոր առաջնորդութեան, օրհնեալ ծառայութեան եւ նուիրուածութեան համար։