image

Երեւանի մէջ եւս 2 փողոց պիտի անուանափոխուի

Երեւանի մէջ եւս 2 փողոց պիտի անուանափոխուի

 

Երեւանի մէջ եւս երկու փողոցներու անունները պիտի փոխուին։ Աւագանիի այսօրուան որոշման համաձայն՝ Նոր Արեշի 3-րդ փողոցը այսուհետեւ պիտի կոչուի բանաստեղծուհի, գրող, թարգմանիչ եւ հասարակական գործիչ Մետաքսէի անունով՝ Մետաքսէի փողոց, իսկ Շենգաւիթ վարչական շրջանի Ֆրունզէի փողոցը պիտի կոչուի Երուանդունիներու փողոց։

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Միխայիլ Ֆրունզէի (1885-1925) կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը հիմնական առնչուած են Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Ռուսիոյ քաղաքական ու ռազմական պատմութեան հետ։

Ըստ քաղաքային իշխանութիւններուն՝ անուանափոխութեան նպատակն է հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութիւնը տրամաբանօրէն արտացոլել։