image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան Ապարանի մէջ ներկայ գտնուած է Քաղաքացիի օրուան նուիրուած միջոցառման

Փաշինեան Ապարանի մէջ ներկայ գտնուած է Քաղաքացիի օրուան նուիրուած միջոցառման

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի երիտասարդական մայրաքաղաք Ապարանի մէջ ներկայ գտնուած է Քաղաքացիի օրուան նուիրուած միջոցառման: Յայտնած են Կառավարութենէն։

«Շէնացրո՛ւ պետութիւնդ՝ եղի՛ր օրինապահ, նուիրուած ու հոգատար» խորագիրով միջոցառումներու շարքին երիտասարդներու մասնակցութեամբ կայացած է էքսփօ-ցուցահանդէս: Վարչապետը շրջայց կատարած է՝ ծանօթացած ներկայացուած աշխատանքներուն, ցուցանմուշներուն եւ արտադրանքին:

Ցուցահանդէսին իրենց ներկայացուցչութիւնը ունեցած են Ապարան համայնքի երիտասարդ ձեռներէցները, զբօսաշրջային ծառայութիւններ մատուցող անհատներն ու կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթամշակութային հաստատութիւններու սաներու ձեռքի աշխատանքները, քաղաքացիական կրթութեան, Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու (ՔՀԿ) ներկայացուցիչներու տաղաւարներ։ Ցուցադրութեան ուղեկցած են վարպետաց եւ մասնակցային դասեր:

Ապա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան Ապարանի մէջ երիտասարդներուն համար հանդէս եկած են բանախօսութիւններով: