Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովի բակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին անդրադարձած է 28 մայիսին ոստիկաններու կողմէ Վեհափառ Հայրապետի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր խոչընդոտելու փորձին։
«Նախ մենք պէտք է արձանագրենք, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի կողմից ղեկավարուող քաղաքական շարժումը նախորդ օրը ու նաեւ երէկ պետական արարողակարգային միջոցառումների խոչընդոտելուն ուղղուած գործողութիւններ էր արել, ու երբ երէկ Վեհափառ Հայրապետը մօտեցել է պետական արարողակարգային միջոցառման վայր, ընդ որում հրաւէր չի ունեցել, մենք էլ տեղեկութիւն չենք ունեցել, որ նա ունեցել է հրաւէրի ակնկալիք։
Ոստիկանութիւնը պարզապէս փորձել է ճշդել, թէ՞ արդեօք Վեհափառը եկել է իր քաղաքական կողմնակիցների ու իր կողմից ղեկավարուող շարժման նախաձեռնուած խոչընդոտող ու սադրող գործողութիւնները շարունակելու, թէ այլ նպատակով։ Երբ ստացել են հաւաստիացումներ, որ այցը ունի արարողակարգային նպատակ, ապահովուել է նրա մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիրի՝ պետական արարողակարգային միջոցառումների տարածք»,-ըսած է ան։
Փաշինեանը նշած է, որ ոստիկանութիւնը փորձած է պարզել, թէ Վեհափառի մուտքը պետական արարողակարգային միջոցառումներուն խոչընդոտելն է, թէ ոչ։
ՀՀ վարչապետը վստահեցուցած է, որ ՀՀ–ի մէջ եկեղեցւոյ դէմ արշաւ չկայ ու չի կրնար ըլլալ։
«Եթէ եկեղեցու դէմ արշաւ էք տեսնում, ապա դա պէտք է տեսնել մէկ այլ տեղ, եւ այդ տեղը կապ չունի ՀՀ կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան հետ»,– վստահեցուցած է ան։
Ինչ կը վերաբերի Բագրատ սրբազանի հանդիպման առաջարկին, ապա Փաշինեանը նշած է, որ իր հետ հանդիպելու ընթացակարգեր կան. ան որ կ՚ուզէ իր հետ հանդիպիլ, կրնայ հերթագրուիլ ու ազատ հանդիպիլ։
Յիշեցնենք` «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը մայիս 21–ին յայտարարած էր, որ ՀՀ իշխանական թեւէն միայն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կը խօսի, «մնացածը շօշափուկներ են»։
Մայիսի 29–ին, Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ սրբազանը յայտարարեց, որ այլեւս հանդիպում չի պահանջեր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ որ ան (Նիկոլ Փաշիեանը,–խմբ.) «բարի ճանապարհներով կը գնայ, խելօք է, գնալու է»։
Անվտանգութեան մասին
Ժամանակակից աշխարհի մէջ չկայ անվտանգութեան աւելի գործուն երաշխիք, քան սահմանազատուած սահմանը: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին եւս ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով անվտանգութեան երաշխիքներուն:
«Եթէ որեւէ մէկը կասի, որ երկրագնդի վրայ կայ աւելի գործուն անվտանգութեան երաշխիք, քան սահմանազատուած սահմանը, դրան պէտք է չհաւատաք: Հետեւաբար, այն հատուածներում, որտեղ ունենք դելիմիտացուած սահման, այդտեղ ապահովուած է անվտանգութեան ամենաբարձր հնարաւոր երաշխիքը»,- ըսած է Փաշինեան:
Վարչապետն անդրադարձած է նաեւ Կիրանցի մէջ աշակերտներու անվտանգութեան վերաբերեալ հարցին:
«Անվտանգութեան լրացուցիչ միջոցառումներ են իրականացուելու, եթէ դա, այնուամենայնիւ, մեր սիրելի ծնողներին բաւարար չի թուայ, մենք, ներողութիւն խնդրելով, գիւղի ուրիշ հատուածում նոր դպրոց կը կառուցենք»,-ըսած է վարչապետը:
Սպառնալիքի փուլը յաղթահարուած
Կը յիշէ՞ք՝ խորհրդարանական ամպիոնէն քանի մը անգամ յայտարարած եմ, որ եթէ մենք 1-2 տարի կարողանանք ապահովել մեր պետութեան գոյութիւնը, մեր պետութեան գոյութիւնը կ՚ապահովենք երկարաժամկէտ կտրուածքով: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ժամանակ՝ 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականը քննարկելու ժամանակ, նշած է, որ այս տեսանկիւնէ 2023 թուականի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետւութիւնը ամենակարեւոր արձանագրումն է:
«Հիմա մենք ինչի՞ ենք հասել 2023 թուականի պետական բիւջէի ծախսման արդիւնքում: Մենք 2023 թուականի պետական բիւջէի ծախսման արդիւնքում հասել ենք հետեւեալին, որ այդ մարտահրաւէրների, այդ սպառնալիքի փուլը յաղթահարել ենք, որովհետեւ եթէ 2022-2023-ին ու 2021-ին էլ, 2020-ին էլ մենք տեսնում էինք մեր պետութեան գոյութիւնը վտանգող ուղիղ եւ անմիջական սպառնալիք, այսօր մենք կարող ենք արձանագրել, որ կարողացել ենք վերը նշուած բանաձեւերի գործարկմամբ մեր պետութեանը սպառնացող ուղիղ վտանգները, մեր պետութեան գոյութիւնը վտանգող ուղիղ սպառնալիքները կառավարել, չէզոքացնել կարճաժամկէտ իմաստով եւ միջնաժամկէտ իմաստով:
Բայց մենք պէտք է հասկանանք նաեւ, որ երկարաժամկէտ իմաստով շատ կարեւոր է, որ այս քաղաքականութիւնը շարունակենք եւ, իրական Հայաստանի ռազմավարութեան վրայ հիմնուելով, կայացնենք որոշումներ, որոնք տեղաւորւում են այս տրամաբանութեան մէջ:
Փոփոխուող աշխարհում անընդհատ փոփոխուելու ու զարգանալու մարտահրաւէրներին ու նպատակներին յարմարեցուած որոշումներ կայացնելու ընդունակ կառավարութիւն, խորհրդարան եւ կառավարող մեծամասնութիւն պէտք է լինենք: Սա է այն նպատակադրումը եւ այն ձեռքբերումը, որը մենք ունենք 2023 թուականի պետական բիւջէի ծախսման արդիւնքներով, եւ մենք պէտք է շարունակենք սպասարկել այս նպատակադրումը»,-ըսած է ան: