image

«Մենք նախապայմաններու լեզուով չենք խօսիր». Ասատ անդրադարձաւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն

 «Մենք   նախապայմաններու լեզուով չենք խօսիր». Ասատ անդրադարձաւ Սուրիա-Թուրքիա  յարաբերութիւններուն

 Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, որ այսօր մասնակից դարձաւ երկրին մէջ տեղի ունեցող Խորհրդարանական ընտրութեանց զրուցեց լրագրողներուն հետ։

Ասատ   իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թուրքիոյ  հետ յարաբերութիւններու կարգւորման  հիմնախնդրին ու այդ առումով ալ ան ըսաւ՝«Մենք նախապայմաններու  լեզուով չենք խօսիր,   եւ  պայմաններ չենք դներ։ Խնդիրը  որոշակի ազդակներու եւ գործօններու մասին է։ Եւ այսօր երբ երկու երկիրներ որոշակի  յարաբերութիւններ պիտի մշակեն պարտաւոր են յարգել  Միջազգային օրէնքներն ու պայմանադրութիւնները։ 

 Մեզի համար շատ կարեւոր է վերաքննութեան ենթարկել վերջին շրջանի ամբողջ դիպաշարը, եւ ի վերջոյ դասեր քաղել անցեալին գործուած սխալներէն։

Ի վերջոյ ինչպէս կարելի է նոր ապագայ մը կերտել փորձել առանց լաւապէս ուսումնասիրելու Սուրիան հարուածած պատերազմի ծանրագոյն ժամանակները, եւ գործուած սխալները, որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր սուրիացիներ զոհուցեան։ Ի վերջոյ երկողմ յարաբերութեանց  պարագային շատ կարեւոր է հաշուի նստիլ  այն գործօններուն հետ, որոնք կը կենսական են  երկու  տէրութիւններուն համար»։