image

Փարիզի Փիքասոյի թանգարանին մէջ՝ Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը

Փարիզի Փիքասոյի թանգարանին մէջ՝ Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը

Հայութիւնը կը պատրաստուի Քոչարի 125-ամեակին. մինչդեռ ժամանակին հայրենիքի մէջ ինչպիսի՜ հալածանքներու ենթարկուած է արուեստագէտը: Երուանդ Քոչար Հայաստան ներգաղթած է 1936 թուականին՝ «Սինէա» շոգենաւով, որ Մարսէյլի ափէն ուղեւորուելով Պաթում՝ Հայաստան կը բերէր հազարաւոր հայրենադարձներ: Նոյն այդ նաւով Հայաստան կը փոխադրուէր նաեւ Կոմիտասի աճիւնը՝ անոր մահէն մէկ տարի ետք:

 

 

Փարիզի միջնադարեան Մարէ թաղամասին մէջ կը գտնուի Փիքասոյի թանգարանը: Սալէ անունով հնագոյն դղեակի մը մէջ տեղակայուած է թանգարանը, որ Փարիզի այցեքարտերէն մէկն է, որ 1985 թուականին բացուած է 1656-1659 թուականներուն կառուցուած այդ դղեակին մէջ եւ նուիրուած է սպանացի աշխարհահռչակ գծանկարիչ Փապլօ Փիքասոյի աշխատանքներուն:

Յունուարի վերջին թանգարանի մէջ յատկանշական ցուցահանդէս մը բացուեցաւ, որ նուիրուած է քիւպիզմի եւ վերացական արուեստի նշանաւոր աջակից, հաւաքորդ, 1920-30-ական թուականներու ժամանակակից արուեստի հովանաւոր Լէոնս Ռոզէնպէրկի բնակարանի ձեւաւորման:

Ներկայացուած հատընտիր գործերու մէջ ներառուած է նաեւ հայ նկարիչ, արձանագործ Երուանդ Քոչարի մէկ գլուխ գործոցը՝ 1934 թուականին ստեղծած տարածանկարը: Այդ հաւաքածոյի մէջ Քոչարի գործի ներառումը ուշագրաւ պատմութիւն ունի:

Լէոնս Ռոզէնպէրկ, ըլլալով 20-րդ դարասկիզբի գեղարուեստական յառաջապահական արուեստի մեծ ջատագով, իր փարիզեան տունը անցեալ դարու սկիզբին վերափոխած է արուեստի շունչով: Ան ստեղծած է տուն մը ի պատիւ ժամանակի այն արուեստագէտներուն, որոնց գործերը շատ կը հաւնէր: Այդ տունին մէջ Ռոզէնպէրկ կը բնակէր կնոջ եւ դուստրերուն հետ, եւ տունին ամէն մէկ սենեակը ձեւաւորած էր մէկ արուեստագէտի գործերով: Ընդհանուր առմամբ, տասներկու նկարիչներ եւ քանդակագործներ արժանացած են այդ պատուին, անոնց ստեղծագործութիւնները կախուած են ննջասենեակներու, հիւրասենեակներու եւ ճաշասենեակի մէջ: Տասներկու արուեստագէտներու աշխատանքները արուեստի սիրահար տանտէրը տաղանդաւոր կերպով համադրած էր թանկարժէք կահոյքին հետ՝ ստեղծելով ժանրերու անսովոր խառնուրդ:

Ընտրեալ արուեստագէտներու մէջ էր նաեւ Երուանդ Քոչար, որ իր կեանքի մէկ շրջանը ապրած եւ ստեղծագործած է Փարիզ եւ արժանացած շռնդալի գնահատանքի: Ռոզէնպէրկի տունին մէջ դրուած էր Քոչարի՝ 1934 թուականին ստեղծած տարածանկարը, որ այս օրերուն Փիքասոյի թանգարանի ցուցադրութեան մէջ իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէ: Յետագային Ռոզէնպէրկի տունին գործերը տեղ գտած են զանազան թանգարաններու կամ անհատ հաւաքորդներու հաւաքածոներու մէջ: Քոչարի գործը կը պատկանի Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին եւ Փիքասոյի թանգարանը ժամանակաւորապէս տարուած է «Փոմփիտու»ի հաւաքածոյէն:

Ցուցադրութեան մէջ կան նաեւ Մաէսթրօ Քոչարի արուեստին նուիրուած այլ յղումներ եւ յիշատակութիւններ... Ցուցահանդէսի կազմակերպման մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, իսկ բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: Փիքասոյի թանգարանի այս ցուցահանդէսը մեծ ընդունելութիւն գտած է բարձրաշխարհիկ արուեստասէրներու, քննադատներու շրջանակին մէջ եւ հոն պիտի գործէ մինչեւ մայիսի 19-ը:

Իսկ մինչ այս ցուցադրութիւնը, Փարիզի մէջ հնչեղութիւն ստացաւ Քոչարին նուիրուած մէկ այլ ձեռնարկ: Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հովանիի ներքոյ Երուանդ Քոչարի թանգարանը Ֆրանսայի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հետ համատեղ կազմակերպեց «Քոչարեան գծի մոգական փոխհատումները» ցուցահանդէս-երեկոն:

Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» հայկական մշակութային կեդրոնի մէջ երկու օր շարունակ թեւածեց Երուանդ Քոչարի արուեստի ոգին: Այս միջոցառումով թանգարանը սկիզբ դրաւ Երուանդ Քոչարի յոբելենական տարուայ ձեռնարկներուն:

Փարիզը առանձնակի նշանակութիւն ունեցած է Երուանդ Քոչարի համար, եւ խորհրդանշական է, որ յոբելենական միջոցառումները Փարիզէն սկսան:

Զարմանալի կեանք ունեցած է 20-րդ դարու հայ ամենանշանաւոր արձանագործը՝ եւրոպական փառքէն մինչեւ Հայաստանի մէջ հալածանք, ձերբակալութիւն, յետմահու գնահատում եւ ի վերջոյ՝ մեծարանք…

Ծնած է Թիֆլիզ՝ 15 յունիս 1899 թուականին: Ծնողքն են՝ շուշեցի Սիմէոն Քոչարեանն ու Ֆէոկլա Մարտիրոսեանը։ 1906-1918 թուականներուն աւարտած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցը։ 1915-1918 թուականներուն, միաժամանակ, ուսանած է Գեղարուեստը խրախուսող կովկասեան ընկերութեան նկարչութեան եւ քանդակի դպրոցին մէջ: 1918-1919 թուականներուն Քոչար ուսանած է Մոսկուայի Պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ:

1919 թուականին վերադառնալով Թիֆլիզ, մասնակցած է վրաց նկարիչներու աշնանային երկրորդ ցուցահանդէսին։

1921 թուականին Քոչար գեղանկարչութեան ուսուցիչ էր եւ մինչեւ Փարիզ մեկնիլը՝ արդէն համբաւաւոր նկարիչ։

1922 թուականին կը գտնուի Պոլիս: Ուղեւորութիւնը շարունակելու համար անհրաժեշտ էին նիւթական միջոցներ, ուստի Բերայի մատենադարանին մէջ կը կազմակերպէ անհատական ցուցահանդէս մը:

Յաջորդ հանգրուանը Վենետիկն էր, ուր երիտասարդ արուեստագէտը կ՚ուսումնասիրէ Ս. Ղազարի մատենադարանի մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, կը ծանօթանայ հռոմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն։ Վենետիկի մէջ, ստեղծած դիմաքանդակներուն համար կ՚արժանանայ արծաթէ շքանշանի: Հոն առաջին անգամ լրջօրէն կը զբաղի քանդակագործութեամբ՝ կը կերտէ յայտնիներու դիմաքանդակները: Վենետիկի մէջ կը ստեղծէ նաեւ քանի մը երփնագիր գործեր՝ «Իտալացի բանաստեղծը», «Ղազարոսի յարութիւն»ը եւ այլն:

 

ՄԵԿՆՈՒՄ ՓԱՐԻԶ

1923 թուականին Քոչար կը մեկնի Փարիզ։ Նոյն տարուան սեպտեմբերին Արշակ Չօպանեանի աջակցութեամբ կը բացուի Փարիզի իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Քոչարի համար յատկապէս ոգեւորող էին Շահինի եւ Կիւրճեանի հիացական կարծիքները:

1924 թուականի փետրուարին կը մասնակցի «Անկախականներու սալոն»ի ցուցահանդէսին՝ իր վրայ բեւեռելով ժամանակի յայտնի արուեստաբաններու ուշադրութիւնը: Ֆրանսայի մէջ կը ստեղծէ կերպընկալէ-նկարչական նոր արտայայտչաձեւ «Տարածական նկարչութիւն»ը (Peinture dans l՚espace), որ կը ներառէ ժամանակը՝ որպէս լրացուցիչ չորրորդ չափ: Փարիզի մէջ կը բնակի տասներեք տարի, կը մասնակցի բազմաթիւ նշանաւոր ցուցահանդէսներու, կ՚ունենայ հինգ անհատական ցուցահանդէս՝ կ՚արժանանայ արուեստաբաններու ամենաբարձր գնահատանքին:

1936 թուականին Քոչար կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ Կ՚ընդունուի Հայաստանի Նկարիչներու միութեան շարքերուն եւ կը մասնակցի տեղական ցուցահանդէսներու։ Պահպանելով նորարարական որոշ ձեւամիջոցներ՝ առաջնակարգ նշանակութիւն կու տայ բովանդակութեան, նկարուողին ճշգրիտ անհատական նկարագիրի ու ներաշխարհի բացայայտման։ Կը ձերբակալուի կեղծ մեղադրանքով: Ձերբակալութենէն ազատ արձակուելէ յետոյ՝ 1944-1945 թուականներուն նկարչութիւն կը դասաւանդէ Երեւանի երկու համալսարանի մէջ: Քոչար բազմաժանր արուեստագէտ ըլլալէ զատ նաեւ պրպտող էր, բան մը ստեղծող:

1948 թուականին մոմաներկերու գիւտին համար «Գիւտերու եւ յայտնագործութիւններ»ու կոմիտէէն կը ստանայ հեղինակային վկայագիր։ Այսօր գեղանկարչութեան մէջ գործածուող մոմաներկին հեղինակը այդպէսով կը դառնայ ան:

Քոչարի արուեստը իր մէջ կ՚ամփոփէ համաշխարհային հին ու նոր արուեստի, ինչպէս նաեւ ժամանակակից նորարարական ուղղութիւններու բազմաթիւ գիծեր ու սկզբունքներ:

Արուեստագէտը կը մահանայ 22 յունուար 1979 թուականին՝ Երեւանի մէջ:

 

ՔՈՉԱՐԻ ՄԻՏՔԵՐԷՆ

- Արուեստը անաւարտ կամուրջ մըն է, որուն մէկ ոտքը յենուած է կեանքի վրայ, իսկ միւսը մեկնուած է դէպի անեզրութիւնը… Ամէն մէկ հանճար կ՚երկարէ այդ ոտքը, որպէսզի գտնէ երկրորդ յենարանը… եւ այդպէս անվերջ… Ատոր համար արուեստը մարդկութեան լաւագոյն իղձերու անվախճան պատմութիւնն է…:

- Ամէն արժէք գեղեցկութիւն կը դառնայ, բայց գեղեցկութիւնը ամէն արժէքէ բարձր է…:

- Արուեստը անիրական կեանքն է, ու անոր ճշմարտութիւնն այլ է, քան՝ կեանքի ճշմարտութիւնը…:

- Մինչ այսօր նկարչութիւնը առարկան կը ներկայացնէր միայն մէկ կողմէն, ատիկա կարծես ճակատագիր էր, մինչդեռ ես ունակ եմ առարկան, մարդը, բնանկարը ներկայացնել զանազան կողմերէ միաժամանակ՝ առանց քանդակելու: Տարածական նկարչութիւնը նոր զգայութիւն մըն է՝ մեր դարի զգայութիւնը, ես ձեզի կու տամ կենդանի հացը, կերէք… դուք կը նայիք եւ չէք տեսներ…

- Իսկական արուեստը յուզիչ է, ցնցող, շատ անգամ՝ անողոք ու տանջող, այդպիսի արուեստի խնդիրն է իր հոյակապ ձգտումներուն լուծում տալ իր ողբերգութեան բարձունքէն:

- Արուեստը կիրք է մարդկային հոգիի՝ զգացմունքի ծայրայեղ լարում, ահա մշտնջենաւոր բովանդակութիւնն արուեստի:

- Պատերազմը, ռումբերն ու թնդանօթները անցողիկ են, իսկ գեղարուեստը մշտնջենական է:

 

125-ԱՄԵԱԿԸ

Հայութիւնը կը պատրաստուի Քոչարի 125-ամեակին. մինչդեռ ժամանակին հայրենիքի մէջ ինչպիսի՜ հալածանքներու ենթարկուած է արուեստագէտը: Երուանդ Քոչար Հայաստան ներգաղթած է 1936 թուականին՝ «Սինէա» շոգենաւով, որ Մարսէյլի ափէն ուղեւորուելով Պաթում՝ Հայաստան կը բերէր հազարաւոր հայրենադարձներ: Նոյն այդ նաւով Հայաստան կը փոխադրուէր նաեւ Կոմիտասի աճիւնը՝ անոր մահէն մէկ տարի ետք:

Երիտասարդ Քոչարին Հայաստանի մէջ կը սպասէր դժուար ճանապարհ մը, այդ կարգին՝ ձերբակալութիւն (1941-1943 թուականներուն): Եւրոպայէն թարմ շունչով եւ ազատ միտքերով հայրենիք ներգաղթած արուեստագէտը կը մեղադրէին հակախորհրդային քարոզչութեան մէջ, թիրախ դարձաւ մանաւանդ Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ կերտած էր Երուանդ Քոչար եւ որ դրուած էր Երեւանի մէջ՝ «Սասունցի Դաւիթ» ազգային էպոսի 1000-ամեակին առթիւ։ Արձանը կոտրեցին, իսկ Երուանդ Քոչար ազատ արձակուեցաւ միայն Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի իր ընկերներուն՝ Կարօ Հալաբեանի եւ Անաստաս Միկոյեանի միջնորդութեան շնորհիւ, որոնք խորհրդային համակարգին մէջ ազդեցիկ դեր ունէին:

Ութսուն տարի անցած է այդ օրէն, սակայն այսօր ալ դաժան է անդրադառնալ այն հալածանքներուն, որոնք կը կրէին արուեստագէտներ ո՛չ միայն այդ նոյն տարին, այլեւ՝ 1920-1950 թուականներու միջեւ տեւած ստալինեան բռնաճնշումներու բոլոր տարիներուն:

Երուանդ Քոչարի կերտած «Սասունցի Դաւիթ» արձանի երկրորդ տարբերակը Երեւանի մէջ դրուեցաւ միայն 1959 թուականին, երբ արդէն մահացած էր երկրի ղեկավար, բռնատէր Ստալինը եւ արուեստի ազատութեան շունչը կարծես թէ թեւածելու սկսած էր երկրի տարածքին: Այսօր Քոչարի այդ արձանը դարձած է Երեւանի խորհրդանիշներէն մին, իսկ Երուանդ Քոչարի անունը իր ստեղծած մեծահամբաւ արուեստին եւ կերպարուեստին մէջ ունեցած անգին ներդրման շնորհիւ գրուած է հայ եւ համաշխարհային արուեստի պատմութեան էջերուն:

Երեւանի մէջ ան կ՚ապրի աւելի քան քառասուն տարի՝ ստեղծելով գեղանկարչական եւ քանդակագործական աշխատանքներ:

Երուանդ Քոչարի երեւանեան յիշատակի վայրը թանգարանն է՝ Մաշտոց պողոտային վրայ, որ բացուած է 1984 թուականին եւ ուր արուեստասէրը կրնայ ամբողջական պատկերացում կազմել վարպետին ստեղծագործական ուղիին մասին։ Քոչար նաեւ տարածական (եռաչափ) նկարչութեան հիմնադիրներէն է, եւ միայն Հայաստանի իր թանգարանին եւ Փարիզի «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ կարելի է տեսնել Քոչարի տարածական նկարները։

 

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՎԱՅՐ ՄԸ ԵՒՍ

Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն բացուած է նաեւ Երուանդ Քոչարի ուրիշ յիշատակի վայր մը. այդ մէկը անոր սենեակն է «Երեւան» պանդոկին («Կրանտ օթել Երեւան») մէջ: «Երեւան» պանդոկը աւանդոյթ մը ունի՝ սենեակներ կ՚անուանակոչէ այն մեծերուն անուններով, որոնք որեւէ ժամանակ ապրած են այդ հնագոյն պանդոկին մէջ: Երուանդ Քոչարի սենեակը պանդոկի առաջնակարգ սենեակներէն թիւ 329-ն է: 1936 թուականին Հայաստան գալով՝ արուեստագէտը տուն չէ ունեցած եւ չորս տարի՝ 1936-1940 թուականներուն ապրած է այդտեղ, իսկ պանդոկին կից սրճարանն ալ անոր սիրելի վայրերէն մին եղած է քաղաքամայր Երեւանին մէջ: Քոչարի սենեակի ձեւաւորման գործին մէջ պանդոկի տնօրէնութեան օգնած է Քոչարի թանգարանի տնօրէնը՝ քանդակագործի թոռնուհին Կարինէ Քոչարը: Թիւ 329 սենեակին պատերը զարդարուած են Քոչարի գեղանկարներու վերատպութիւններով, սենեակը, բարձրաստիճան հիւրեր ընդունելէ զատ, կ՚ընդունի նաեւ Երուանդ Քոչարի թանգարանի կողմէ Հայաստան հրաւիրուող կարեւոր անձեր:

Երուանդ Քոչար Ֆրանսայէն Հայաստան եկած է բերելով ո՛չ միայն իր անսահման եռանդը, նուիրումը, նկարները, այլեւ՝ «Մաէսթրօ» անունը, որ մինչեւ իր կեանքին վերջը եւ մահէն ետք նոյնիսկ, անբաժան է իր անունէն:

 

Անուշ Թրուանց 
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...