image

Զետեղուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին «Հազարաշէն» Տանիքը 

Զետեղուեցաւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին «Հազարաշէն» Տանիքը 

Հայ-Ամերիկեան թանգարանը եւ մշակութային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ ամբողջացած է շինարարութիւնը կառոյցին մասամբ ապակեպատ «Հազարաշէն» տանիքին, որուն շնորհիւ այս պատմական շինութեան կառուցման կարեւոր հանգրուան մը եւս կ՛իրականացուի։

Ապակեպատ «Հազարաշէն» տանիքին շնորհիւ, Կլենտէյլի կեդրոնը կառուցուող թանգարանին մէջ պիտի թափանցէ բնական լոյսը, աւելի ջերմօրէն «բարի գալուստ մեր տունը» մաղթելու այցելուներուն։

Անունը որդեգրուած է հայկական աւանդական բնակարաններու կառուցման ոճէն։

««Հազարաշէն» տանիքին կառուցումին աւարտը մեզի քայլ մը եւս կը մօտեցնէ թանգարանը հանրութեան առջեւ բանալու մեր նպատակին», կը յայտնէ թանգարանին գործադիր ատենապետը՝ Պերճ Կարապետեան։

Յաջորդ հանգրուանին պիտի ամբողջանայ արտաքին պատերուն կառուցումը։

Երկյարկանի Հայ-Ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը: