image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզի կողմէ Երեւանին զէնքի մատակարարումը «արհեստականօրէն կը ձգձգէ» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Փարիզի կողմէ Երեւանին զէնքի մատակարարումը «արհեստականօրէն կը ձգձգէ» Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները. Ալիեւի ներկայացուցիչ

Փարիզի կողմէ Երեւանին «մահաբեր զէնքի մատակարարումը կ՚ապակայունացնէ եւ կը խաթարէ անվտանգութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ»:

Այս մասին Le Monde-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը:

«Այդ կը հրահրէ նոր ռազմական հակամարտութիւններ, սպառազինութիւններու անիմաստ մրցավազք եւ արհեստականօրէն կը ձգձգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները», -ըսած է ան։