Փարիզի կողմէ Երեւանին «մահաբեր զէնքի մատակարարումը կ՚ապակայունացնէ եւ կը խաթարէ անվտանգութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ»:
Այս մասին Le Monde-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկովը:
«Այդ կը հրահրէ նոր ռազմական հակամարտութիւններ, սպառազինութիւններու անիմաստ մրցավազք եւ արհեստականօրէն կը ձգձգէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները», -ըսած է ան։