image

Փառաւոր մետայլ՝ Կիպրոսին. Անդրանիկ կրտսեր Աշճեան Եւրոպայի փոխ ախոյեան

   Փառաւոր մետայլ՝ Կիպրոսին. Անդրանիկ կրտսեր Աշճեան Եւրոպայի փոխ ախոյեան

 Տեղին է յիշել, որ Անդրանիկ կրտսեր, որդին է կիպրահայ հանրայայտ գործիչ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի, որ իր հայրական ամբողջանուէր բոլոր կարելիութիւնները դրած է ի սպաս յանուն որդւոյն եւ անոր յաջողութեան։

Նման առինքնող լուրեր, եւ ի մասնաւորի այս ժամանակներուն բոլորիս համար յոյսի աղբիւր կը հանդիսանան. Յոյսի աղբիւր յանուն պայծառ եւ լուսաշող ապագայի, որուն մէջ կեդրոնական դեր պիտի ունենան Անդրանիկ կրտսերն ու իր նման քաջարի հայորդիները։

Կիպրահայ համայնքին համար պատուաբեր արդիւնք մը գրանցուեցաւ երէկ, երբ Անդրանիկ կրտսեր (Սարգիս) Աշճեան ստացաւ արծաթեայ մետայլ եւ դարձաւ Եւրոպայի մէկ քայլ ոստում մարզաձեւի փոխ ախոյեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Կիպրոսի Ողիմպիական Կոմիտէի պաշտօնական էջէն։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Անդրանիկ կրտսեր, որուն ծննդեան թուականը կը զուգադիպէր երէկ (մեր ախոյեանը երէկ դարձաւ տարեկան) կարողացաւ գրանցել ունի 14,66 մեթրի պատուաբեր արդիւնք մը գերազանցելով ցարդ իր ունեցած արդիւնքները։

 

Նշենք նաեւ, որ մրցումը տեղի ունեցաւ Սլովէքիոյ մէջ իսկ այս մարզաոճին մէջ առաջին դիրքը գրաւել կրցաւ յոյն մարզիկ՝ Իոաննիս Գարտսիոս։

 

 Տեղին է յիշել, որ Անդրանիկ կրտսեր, որդին է կիպրահայ հանրայայտ գործիչ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի, որ իր հայրական ամբողջանուէր բոլոր կարելիութիւնները դրած է ի սպաս յանուն որդւոյն եւ անոր յաջողութեան։

Նման առինքնող լուրեր, եւ ի մասնաւորի այս ժամանակներուն բոլորիս համար յոյսի աղբիւր կը հանդիսանան. Յոյսի աղբիւր յանուն պայծառ եւ լուսաշող ապագայի, որուն մէջ կեդրոնական դեր պիտի ունենան Անդրանիկ կրտսերն ու իր նման քաջարի հայորդիները։

 

 Յաջողութիւններ։