image

Փաքիստանի նախկին վարչապետը դատապարտուած է 10 տարուան ազատազրկման

Փաքիստանի նախկին վարչապետը դատապարտուած է 10 տարուան ազատազրկման

Փաքիստանի դատարանը 10 տարուան ազատազրկման դատապարտած է նախկին վարչապետ Իմրան Խանը՝ պետական գաղտնիքներ հրապարակելու համար, յայտնած է անոր կուսակցութիւնը։

Մեղադրական եզրակացութեան համաձայն՝ Խանը հրապարակած է Ուաշինկթընի մէջ Փաքիստանի դեսպանի կողմէ կառավարութեան ուղարկուած գաղտնի հեռագրի բովանդակութիւնը։

Նախկին վարչապետի կուսակցութիւնը գործը շինծու կը համարէ եւ մտադիր է վիճարկել դատավճիռը, յայտնած է Reuters-ը։

2022 թուականին վարչապետի պաշտօնէն հեռացուած Խանը 2023 թուականի օգոստոսին երեք տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր կաշառակերութեան համար։ 

Խանը իրեն առաջադրուած բոլոր մեղադրանքները կը համարէ քաղաքական դրդապատճառներ ունեցող։