image

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլի եւ կնոջ հետ միջադէպ տեղի ունեցած է

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլի եւ կնոջ հետ միջադէպ տեղի ունեցած է

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլա Կիւլ կնոջ՝ Հայրունիսա Կիւլի հետ մեկնած էր Անգլիա՝ մասնակցելու Օքսֆորտի իսլամական հետազօտական կեդրոնի խորհուրդի նիստին։ Թուրքիա վերադարձած ժամանակ օդակայանին մէջ նախկին նախագահի ու կնոջ հետ միջադէպ տեղի ունեցած է։

Այս մասին հաղորդած է Ermenihaber.am:

Նշուած է, որ անգլիական ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ խուզարկած է Կիւլի կնոջ իրերը, ինչ որ համապասխան չէ դիւանագիտական նորմերուն։ Ապտուլլա Կիւլ քանի մը անգամ արձագանգած է ստեղծուած իրավիճակին եւ խուսափելով հնարաւոր քաշքշուքէն, զոյգը ցանկացած է շուտ օդանաւ նստիլ։

Իրերու խուզարկութենէն յետոյ Հայրունիսա Կիւլ նկատած է, որ խուզարկութենէ անցած պայուսակին մէջ 3 ծրար չկայ։ Ապտուլլա  Կիւլի մամուլի խորհրդական Պիրոլ Աւշարի նշած է, որ ծրարներուն մէջ եղած է սթերլինկ եւ եւրօ եւ աւելցուցած, որ Մեծ Բրիտանիոյ ու Թուրքիոյ դեսպանատուները զբաղած են այդ հարցով։