image
Հրատապ լուրեր:

Փաքիստան եւ Իրան դէպի համաձայնութիւն

Փաքիստան եւ Իրան դէպի համաձայնութիւն

Փաքիստանի Արտաքին գործոց նախարար Ճալիլ Ապպաս Կիլանին հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ։ Այս մասին յայտնած է Փաքիստանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Հաղորդուած է, որ Ճալիլ Ապպասը պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու Իրանի հետ՝ հիմնուելով փոխադարձ վստահութեան, համագործակցութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ։

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած են ամրապնդել համագործակցութիւնն այս սկզբունքներու հիման վրայ եւ սերտօրէն համակարգել ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերը։

Ըստ փաքիստանեան կողմի՝ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երթալ յարաբերութիւններու մէջ առկայ լարուածութիւնը թուլացնելու ճանապարհով։

Քննարկուած է նաեւ երկու երկիրներու դեսպաններու՝ իրար մայրաքաղաքներ վերադառնալու հարցը։