image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մերձ. Բնակելի շէնք մը փուլ եկած է (Տեսանիւթ)

Պէյրութի մերձ. Բնակելի շէնք մը փուլ եկած է (Տեսանիւթ)

Լիբանանի մէջ բնակուած շէնք մը հիմնայատակ փուլ եկած է։

 Այս մասին լուրը «Արեւելք» տեղեկագրեց մեր թելեկրամեան ալիքով։

Կը նշուի, որ բնակուած շէնքին մէջ գտնուողները հազիւ թէ փրկուած են եւ փլուզումէն ընդամէնը վայրկեաններ առաջ շէնքը լքած։

Դէպքը տեղի ունեցած է Պէյրութի արուարձաններէն համարուող (օդակայանի մերձ) «Սահրա Շուայֆաթ» շրջանին մէջ եւ նախնական տուեալներով մարդկային կորուստներ չկան։

Իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած են եղածին շուրջ եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու քննութեան պիտի ենթարկուին փլուզման դէպքի վայրին մերձ գտնուող բոլոր կառոյցները։